Thursday Jun 20, 2013

Ժահժահ – Քոնելլի Հանդիպում

By adminx - Sat Oct 06, 7:29 am

Ամերիկեան դեսպանատան պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յետմիջօրէին Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ շեշտեց, որ ինք  չի զարմանար Պաալպեքի Նեպի Շիթ շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առումով, այլ կը զարմանայ այն լուրերէն, թէ Հըզպալլայի մարտիկներ Սուրիոյ մէջ սպաննուած են:

Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ անոնք մեղսակցած են անմեղ սուրիացիներ սպաննելու յանցանքին:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ընտրական նոր օրէնք մը որդեգրելու: Ան շեշտեց Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծին կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ այդ օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ Թաէֆի համաձայնագիրին հետ կը համընկնի:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ ընտրական օրէնքի մը յանգելու առումով ինք կը շարունակէ խորհրդակցիլ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Իր կարգին, Քոնելլի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ Սուրիոյ գործած ոտնձգութիւններով:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միասնաբար գործակցելու, որպէսզի Լիբանանը զերծ կացուցուի Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:

«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը, եւ մենք մեր գործակիցներուն հետ պիտի աշխատինք պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», շեշտեց Քոնելլի:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը դրուատեց Լիբանանի կողմէ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ջանքերը, երկրին ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու անոր ճիգերը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու յանձնառութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement