Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Sat Oct 06, 7:27 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
ԵՐԷԿ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը պաշտօնապէս արգիլեց լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ցուցադրութիւնը թրքական «Ֆեթիհ 1453» ժապաւէնին, որ խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացնէ օսմանցիներուն կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Խալետ Զահրաման եւ Նիտալ Թոհմէ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Նէյլա Մուաուատ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ դատախազ Ժան Ֆահըտի անուան շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` իբրեւ Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահի միակ թեկնածու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա իսկական մեղսակից կը նկատուի Սուրիոյ մէջ արձանագրուած սպանդներուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն պիտի գտնուին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ ձեւուած ընտրական օրէնքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` աւելցնելով, որ ինք մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը վերստին լուսարձակի տակ առնուած է եւ զայն որդեգրելու հաւանականութիւնը` աւելի մեծ դարձած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական համակարգը բաց է սուրիական գաղտնի սպասարկութեան դիմաց եւ որեւէ ատեն կրնայ խզուիլ անոր կողմէ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը կը փրկէ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, իսկ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը աւելի լաւ է, քան 1960-ի ընտրական օրէնքը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլին եւ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց աշխատաւորներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print



