Բազմահազար Թուրքեր Կը Բողոքեն Խորհրդարանի Որոշումին Դէմ. Ռուսիա Կ՛ուզէ Սուրիոյ Շուրջ Աշխատանքի Խմբակի Ժողով Մը Գումարել
By adminx - Sat Oct 06, 7:25 am
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ «Մոսկուա կը շարունակէ Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ շուրջ պարտադիր որոշումի մը որդեգրումը առաջարկել»` աւելցնելով, որ «Ռուսիա ներկայիս կ՛ուզէ Սուրիոյ շուրջ աշխատանքի խմբակի ժողով մը գումարել` քննարկելու համար Ժընեւի հաղորդագրութեան գործադրութեան վերաբերող հարցերը»:
Պոկտանով հաղորդեց, որ «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նոյեմբերի սկիզբը Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ` քննարկելու համար սուրիական տագնապը»:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց ոչ պարտադիր բնոյթ կրող մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Սուրիոյ կողմէ թրքական հողերու ռմբակոծումը եւ Դամասկոսին կոչ ուղղեց միջազգային օրէնքը յարգելու:
Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած աւելի խիստ հաղորդագրութիւնը, որ Ռուսիոյ ջանքերով բարեփոխուած ու մեղմացուած է, «ամէնէն խիստ բառերով» կը քննադատէ սուրիական ուժերուն կողմէ Աքչաքալէի ռմբակոծումը, որ 5 զոհ պատճառեց, եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելով կը նշէ, որ այս դէպքը «Սուրիոյ մէջ տագնապին դրացի երկիրներ մտահոգիչ աստիճանով տարածուելուն ապացոյց մըն է»:
Ապահովութեան խորհուրդի հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ, որ «միջազգային օրէնքի բռնաբարումները միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան վտանգաւոր սպառնալիք մը կրնան ներկայացնել»` պահանջելով «այդ բռնաբարումները անմիջապէս դադրեցնել»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիա Թուրքիոյ հետ պատերազմիլ չ՛ուզեր եւ սահմանին վրայ լարուածութեան աճը չի խրախուսեր:
Ան նշած է, որ այս պահուս Սուրիոյ կառավարութիւնը միջադէպը կը հետաքննէ, որպէսզի ի յայտ գայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մահուան պատճառ դարձած ռումբի արձակման կէտը: Նշենք, որ ան հերքած է այն լուրը, թէ Սուրիա Թուրքիոյ կառավարութենէն դէպքին առնչութեամբ ներում հայցած է:
Ժաաֆարի Թուրքիոյ նաեւ կոչ ուղղած է թոյլ չտալու, որ զինեալներ իր սահմաններէն Սուրիա մուտք գործեն:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է «թրքական կողմէն որեւէ ոտնձգութեան ու թշնամական արարքի անմիջական պատասխան մը» սպասէ` նշելով, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան տրուած լիազօրութիւնը չի նշանակեր, թէ Թուրքիա այսօր կամ վաղը Սուրիոյ վրայ յարձակում պիտի գործէ, որովհետեւ ան ճակատումներու եւ պատերազմներու մէջ ներքաշուիլ չ՛ուզեր եւ կը յուսայ շրջանին այդպիսի կացութիւններ խնայել:
Հիւրմիւզլիւ աւելցուց, որ «սուրիական կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ թրքական սահմանին դէմ որեւէ յարձակում ՕԹԱՆ-ի հարաւային սահմանին դէմ յարձակում մըն է»` նշելով, որ «եթէ Սուրիա այս ոտնձգութիւնները դադրեցնէ, ապա մագլցում տեղի պիտի չունենայ, սակայն եթէ անոնք կրկնուին, ապա մենք լիազօրութիւն ունինք, Թուրքիա եւ ՕԹԱՆ որեւէ այլ յարձակումի նկատմամբ լուռ պիտի չկենան»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ իր կարգին սուրիական գործողութիւններու կրկնութեան պարագային բուռն հակադարձութենէն զգուշացուց` յայտնելով, որ «թրքական նոր ռմբակոծումը շարունակութիւնն է սուրիական վարչակարգին գործածին կառավարութեան որոշած պատասխանին»:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ կողմէ ներման հայցումէն ետք Թուրքիա դադրեցուցած է ռմբակոծումը, սակայն եթէ փոփոխութիւն տեղի չունենայ, պիտի վերսկսի այդ գործողութեանց:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուրբաթ գիշեր Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Թուրքիա չ՛ուզեր շրջանին մէջ պատերազմ յառաջացնել», սակայն «Թուրքիա իր քաղաքացիներն ու սահմանները պաշտպանելու կարողութիւնը ունի եւ պէտք է անոր վճռակամութիւնը փորձել»: Ռահիմի իր կարգին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրան Սուրիո՞յ, թէ՞ Թուրքիոյ կողքին պիտի ըլլայ, ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք Թուրքիոյ դրացի ըլլալով: Վարչապետ Էրտողան ըսաւ, որ աշխարհի տարածքին բոլոր անմեղ զոհերուն համար ցաւ կը զգայ: Մենք Էրտողանի ցաւը կը բաժնենք»:
Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ հինգշաբթի օր որդեգրուած որոշումը, որ Թուրքիոյ կառավարութեան մէկ տարի ժամկէտով զինեալ ուժերը տնօրինելու արտօնութիւն կու տայ, յառաջացուց բազմահազար թուրքերու զայրոյթը: «Սի.Էն.Էն.թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ մեծ քաղաքներու մէջ բողոքի զանգուածային ցոյցեր տեղի ունեցած են:
Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնը քայլարշաւ կատարած է` «Ո՛չ պատերազմին», «Ուս ուսի` ընդդէմ ֆաշականութեան», «Մենք կայսերապաշտութեան զինուորներ չենք» եւ այլ կարգախօսներով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանի հրաժարականի կոչերով:
Բողոքի ցոյցեր կատարուած են նաեւ Իզմիրի, Մերսինի եւ Պուրսայի մէջ, ուր ցուցարարները յայտարարած են, թէ դէմ են պատերազմին, եւ Էրտողանի ու խորհրդարանի անդամներուն առաջարկած են, որ իրենք մեկնին պատերազմի դաշտ:
Թրքական մամուլին մէջ խորհրդարանի որոշումին վերաբերեալ կը կարդանք հետեւեալ խորագիրները. «Ենի Շաֆաք»` «Պատերազմ մը չէ, ապահովական բանաձեւ մըն է», «Միլլիյէթ»` «Կարճ եւ յստակ պատգամ մը», «Թիւրքիյէ»` «Այժմ ժամանակն է, որ Ասատ երկու անգամ մտածէ», իսկ «Հիւրրիյէթ»` «Խորհրդարանը Սուրիոյ մէջ գործողութեանց համար կանաչ լոյս կու տայ»:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական հրետանին սուրիական կողմէն արձակուած շուրջ 17 ռումբերուն հակադարձած է 70 ռումբերով` հարուածելով սուրիական ընդդիմութեան կողմէ գրաւուած Թել Ապիատէն հարաւ եւ սահմանէն 4.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Այն Արուս շրջանը: Ըստ թրքական օրաթերթին, սուրիական կողմը ունեցած է 10 զոհ: Քանդուած են 3 հրասայլեր եւ 2 զրահապատ մեքենաներ:
Ապահովական գետնի վրայ, Սուրիոյ բանակը երէկ յայտարարեց, որ Հալէպի Սուլէյման Հալապի թաղամասին վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած է եւ թաղամասը այժմ ապահով շրջան է:
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print




