Thursday May 23, 2013

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Լիպիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Սպաննողները

By adminx - Sat Oct 06, 7:23 am

Թրքական «Քանալ-Տ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած են երկու թունուզցիներ, որոնք կը կարծուին 11 սեպտեմբերին Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթոֆըր Սթիվընզի սպանութեան մեղսակից ըլլալ: Ըստ պատկերասփիւռի կայանի տուեալներուն, թունուզցիները ձերբակալուած են Աթաթուրքի միջազգային օդակայանին մէջ: Անոնց մօտ կեղծ փաստաթուղթեր եղած են:

«Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումէն ետք ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը լայնածաւալ հետաքննութեան սկսած է, ուսումնասիրած է ցոյցերուն մասնակիցներէն իւրաքանչիւրին կենսագրութիւնը եւ կասկածելիներու բոլոր տուեալները ուղարկած Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի համապատասխան մարմիններուն:

Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած կասկածելիները այդ անձերէն են: Թրքական ոստիկանութիւնը անմիջապէս կապուած է Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեան հետ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement