Monday May 20, 2013

Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Իվանիշվիլիի Առաջնահերթութեանց Շարքին Է

By adminx - Sat Oct 06, 7:20 am

Պիծինա Իվանիշվիլի

Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած Վրացական երազ պլոքի ղեկավար Պիծինա Իվանիշվիլի «Եւրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ մտադիր է դառնալ վարչապետ, այսինքն` ըստ նոր սահմանադրութեան, երկրին առաջին դէմքը:

Ան նաեւ խօսած է իր առաջնահերթ քայլերուն մասին: Ըստ Իվանիշվիլիի, ներկայիս Վրաստանը պատրաստ չէ իր արտադրութիւնը ամերիկեան եւ եւրոպական շուկաներ արտածելու:

«Առաջին հանգրուանին լաւ պիտի ըլլար, եւ մենք այդ ուղղութեամբ շահագրգռուած ենք, վերադառնալ ռուսական շուկայ, որովհետեւ վրացի գործարարներուն համար ռուսական շուկան աւելի հարազատ է: Գլխաւոր խնդիրը այն է, որ երկիրը չունի հզօր արդիւնաբերութիւն: Շուկաները առեւտուրի մէջ կարեւոր են, սակայն շուկաներուն համար անհրաժեշտ է ունենալ արդիւնաբերական արտադրութիւն», ըսած է ան:

Իվանիշվիլի ըսած է, որ կը գիտակցի, թէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը դիւրին պիտի չըլլայ եւ ժամանակ կը պահանջէ: Ըստ անոր, նախ եւ առաջ պէտք է վերականգնել մշակութային ու առեւտրական յարաբերութիւնները:

«Ատկէ ետք, մենք պէտք է կեդրոնանանք մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան հարցերուն վրայ` միեւնոյն ատեն Ռուսիոյ հետ հաստատելով բարեկամական յարաբերութիւններ: Մեր հիմնական ուղղութիւնը եւրո-ատլանտեան համարկումն է, եւ մենք չենք պատրաստուիր փոխելու այդ ռազմավարութիւնը` ձգտելով դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ ՕԹԱՆ», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, apsni.ge կայքէջը հաղորդեց, որ Վրաստանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախնական արդիւնքներուն համաձայն, ապագայ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան եօթը կուսակցութիւններ:

Անոնք են` Միխայիլ Սահակաշվիլիի ղեկավարած Միացեալ ազգային շարժումը եւ Վրացական երազ պլոքին մաս կազմող վեց կուսակցութիւնները` Մանանա Քոպախիծէի Վրացական երազանք-ժողովրդավարական Վրաստանը, Զվիատ Ձիծիկուրիի Պահպանողական կուսակցութիւնը, Կոկի Թոփածէի Արդիւնաբերութիւնը պիտի փրկէ Վրաստանը, Տաւիտ Ուսուփաշվիլիի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Իրաքլի Ալասանիայի Մեր Վրաստան. ազատ դեմոկրատները եւ Շարթաւայի Ազգային համախմբումը

Leave a Reply

Advertisement