Friday May 24, 2013

Սարքոզի Կ՛ուզէ Դարձեալ Ստանձնել Ֆրանսայի Նախագահի Պաշտօնը

By adminx - Sat Oct 06, 7:18 am

Նիքոլա Սարքոզի

«Եուրոմակ» կը գրէ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի փափաք յայտնած է երկրի ղեկավարի պաշտօնը դարձեալ ստանձնելու` նշելով, որ ատոր համար ան ունի լուրջ պատճառներ:

Ֆրանսայի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Պրիւնօ Լը Մերան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Սարքոզի նկատի առած է բարոյական դրդապատճառները:

Լը Մերան մէջբերած է Սարքոզիի հետեւեալ խօսքը. «Հաշուի առնելով Ֆրանսայի աղէտալի դրութիւնը, որ հինգ տարի ետք ա՛լ աւելի պիտի խորանայ, ինծի այլ բան չի մնար, քան մասնակցիլ 2017-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Իրականութեան մէջ հարցը պարզապէս իմ վերադարձիս մէջ չէ, այլ անոր, թէ արդեօք ես Ֆրանսայի առջեւ բարոյական իրաւունք ունի՞մ չվերադառնալու: Ես չեմ կրնար ֆրանսացիներուն երես դարձնել»:

Ինչպէս «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը նշէ, այս տարուան մայիսին իր մրցակիցին` Ֆրանսայի գործող նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն պարտուելէ ետք, Սարքոզի որոշած է լրջօրէն զբաղիլ առեւտուրով: Այդ նպատակով ան շաբաթական երեք անգամ կը յաճախէ անգլերէնի դասընթացքներու եւ բանակցութիւններ կը վարէ մեծ դրամատան մը հետ:

 

Leave a Reply

Advertisement