Saturday May 25, 2013

Բժիշկ Բիւզանդ Հալլաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

By adminx - Sat Oct 06, 5:44 am

Գրելով կը խօսէինք տոքթոր Բիւզանդին հետ վերջին տարիներուն. ան լաւ չէր լսեր: Կը յիշեմ` վերջին օրերուն իր կեանքի բնութագրումը տուած էի գրաւոր եւ սպաներէն, անակնկալ մը ընելու համար իրեն: Ինք Սպանիա ուսած էր բժշկութիւնը եւ գիտէր Սերվանթեսի լեզուն. ես գրածս թարգմանել տուած էի լեզուն անթերի գիտցող բարեկամի մը: Առաւ գրութիւնս, զարմացաւ, խանդավառուեցաւ, յիշեց ուսանողութեան հեւքոտ եւ ուրախ տարիները, ետքը դարձաւ ինծի եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ բարեկամ, կեանքը եղաւ անողոք ինծի հանդէպ, իմ փափաքս էր աւելի երկար տարիներ ծառայել, իմ ազգիս զաւակներուն»:

Սիրելի՛ բժիշկ, կատարածդ, մանաւանդ նուիրումով եւ ինքնամոռացութեամբ կատարուածը, նկատառելի է եւ յարգանքի արժանի:

Բիւզանդ մարաշցի ծնողքէ ծնած էր Հալէպ, 1930-ին: Յաճախած է հայկական վարժարան, կարծեմ` Հայկազեան, լաւ սորված էր իր մայրենին եւ պատմութիւնը: Հայոց պատմութեան վերջին արարը ցնցած է զինք եւ ուխտած է ծառայել եւ օգնել իր ազգի զաւակներուն:

Ուսումը ֆրանսական հայրերու մօտ աւարտելէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ դասաւանդած է հայկական վարժարաններու մէջ, Ատեն մը աշխատած է օտար ընկերութեան մը մէջ, եւ յառաջացուցած է իր մտքի եւ սրտի փափաքը` ըլլալ բժիշկ եւ ծառայել հայ ազգին: Կրցած է մեկնիլ Սպանիա եւ գերազանց նիշերով աւարտած է համալսարանը` որպէս ընդհանուր բժիշկ:

Քանի մը տարիներ Հալէպ մնալէ ետք կը հրաւիրուի Պէյրութ, Պուրճ Համուտի, Գարակէօզեան դարմանատունը որպէս դպրոցական առողջապահութեան բժիշկ: Տոքթոր Բիւզանդ իր տարերքին մէջ էր. կը տեսնէ եւ կը դարմանէ հարիւրաւոր, չըսելու համար հազարաւոր հայ աշակերտներ` երեսուն տարիներու վրայ:

Շնորհիւ տոքթոր Բիւզանդի ճիգերուն, ինչպէս նաեւ` Գարակէօզեանի այլ բժիշկներու աշխատանքին, Պուրճ Համուտի մէջ եղած վիճակագրութիւն մը ցոյց տուաւ հայ մայրերու արթնութիւնը, մանուկներու աւելի առողջ վիճակը եւ մահացութեան ամենացած տոկոսը հայ համայնքին մէջ` բաղդատած այլ համայնքներուն, որոնք կ՛ապրին Պուրճ Համուտի մէջ: Տոքթորը ունեցաւ իր անձնական դարմանատունն ալ, ուր կ՛ընդունէր հայ թէ օտար հիւանդներ:

Տարիներ շարունակ ան եղաւ Հայ ծերերու տան բժիշկը, ուր ան շատ սիրուեցաւ իր պարզութեան եւ հաղորդականութեան համար:

Հեղինակ «Շտապ օգնութեան» գիրքին

Տոքթորը առիթը ունեցաւ նաեւ դասեր տալու շտապ օգնութեան գիտելիքներու մասին` տեսական եւ գործնական, եւ իր աշակերտները պատուաւոր արդիւնքներով տիպլոմներ ստացած են Լիբանանեան կարմիր խաչէն:

Տոքթորը առիթը գտաւ նաեւ ամփոփելու այս գիտելիքները կոկիկ գիրքի մը մէջ, որ մինչեւ հիմա շատերուն օգտակար կ՛ըլլայ: Գիրքը գրուած է պարզ հայերէնով եւ շատ մը օտար բառեր դրուած են հայերէն հոմանիշներով եւ նորահնար բառերով:

Հիփոքրաթի երդումին հաւատարիմ բժիշկը

Որպէս անձնուէր բժիշկ` տոքթոր Բիւզանդ հաւատարիմ մնաց իր տուած երդումին, հին աշխարհի մէջ ընդունուած երդումին:

Ծառայել մարդկութեան, բուժել հիւանդը, դարմանել առողջութիւնը` ի դիմաց շնորհակալութեան կամ համեստ վարձատրութեան մը:

Ան հաւատարիմ իր երդման` դարմանեց չքաւորները եւ անկարները` յաճախ նաեւ դեղեր տալով իր իսկ քսակէն:

Ան սիրուեցաւ բոլորէն անխտիր` որպէս անձնուէր ու անշահախնդիր բժիշկ. յատկութիւն մը կամ առաքինութիւն մը, որ այս օրերուն չէ տրուած բոլորին:

Իր համեստութիւնն ու անձնուիրութիւնը կարելի է օրինակ ծառայեցնել ուրիշներու:

Արդարներու հաւատքով ան հեռացաւ այս աշխարհէն:

ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆ
Գարակէօզեան հաստատութեան
նախկին պատասխանատու

Leave a Reply

Advertisement