Անի Թորոսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
By adminx - Sat Oct 06, 5:42 am
- 0 Comments
- 45 views
- Tweet
Email
Print
Մօտաւորապէս քառասուն տարի առաջ պսակուեցաւ Անի Թորոսեան: Իր հարսի հագուստով եւ անմեղ ժպիտով կարծես սպիտակ հրեշտակ մը ըլլար խորանին առջեւ եւ այդպէս ալ մնաց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Խոնարհաբար ծառայեց իր ընտանիքին բոլոր անդամներուն` տարեցէն մինչեւ փոքրը: Դարձաւ կատարեալ մայր, եւ իր ծնողքէն ստացած կրօնական դաստիարակութիւնը մէջը արթնցուց իր թանկագին ժամանակէն մաս մը եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրելու փափաքը:
Իր հրեշտակային նկարագիրին կողքին, Անի Թորոսեան ունէր նաեւ հրեշտակային ձայն, որ միշտ ներկայ էր լսուելու գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Մանաւանդ իր կեանքի վերջին 20 տարիներուն ան ծառայեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թէ՛ դպրաց դասին եւ թէ՛ տիկնանց միութեան մէջ: Գործունեայ անդամ էր այս երկու կառոյցներուն եւ ոչինչ կը խնայէր` յաջողցնելու որեւէ ձեռնարկ: Անին կը հաւատար, թէ որքան կառչած մնանք հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատքին, նոյնքան ազգը կը գոյատեւէ: Այս համոզումով ալ ան անսահման սիրով ծառայեց եկեղեցւոյ: Դժբախտաբար, սակայն, դաժան հիւանդութիւնը չխնայեց զինք եւ իր կեանքին վերջակէտ մը դրաւ: Հիմա Անին ճանչցող իւրաքանչիւր անձ կը հաւատայ, թէ ան սպիտակ հրեշտակի մը վերածուած է դրախտին մէջ:
Առածը կ’ըսէ.
«Կեանքէն ի՞նչ կ’ուզենք,
Ամէն ինչ,
Բայց կեանքը ի՞նչ կրնայ տալ մեզի,
Ինչ որ կրնանք առնել անկէ»:
Անին կեանքէն կրցաւ առնել`
Հաւատք Աստուծոյ նկատմամբ,
Սէր շրջապատին նկատմամբ,
Զոհողութիւն ազգին նկատմամբ:
ՆՈՐԱՅՐ ԲԱԳԼԱՅԵԱՆ
- 0 Comments
- 45 views
- Tweet
Email
Print



