Ուրֆան Եւ Ուրֆացիները
By adminx - Sat Oct 06, 5:38 am
- 0 Comments
- 70 views
- Tweet
Email
Print
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը գործօն դերակատարութիւն ունի լիբանանահայ գաղութին մէջ: Ընկերային հանդիպումներով, դաշտագնացութիւններով, խրախճանքներով, ինչպէս նաեւ բարեսիրական լայն գործունէութեամբ, միութիւնը կը ջանայ սերտ յարաբերութիւնները պահպանել հայրենակիցներուն միջեւ եւ նոր սերունդը կապուած պահել իր պապենական սրբութիւններուն ու աւանդութիւններուն:
Պատմական Ուրֆայի եւ դիւցազնական ուրֆացիներու իւրայատուկ ժառանգութիւնը վառ պահելու նախանձախնդրութեամբ, միութիւնը իր գործունէութեան ծիրը աւելի ընդարձակած է եւ ցուցահանդէսով ու հրապարակային ձեռնարկներով կը ջանայ խթան հանդիսանալ հայրենակցական գործունէութեան վերելքին:
* * *
Ուրֆա Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն հին եւ կարեւորագոյն քաղաքներէն է եւ կը գտնուի Միջագետքի հիւսիս-արեւմտեան կողմը:
Քաղաքը անյիշատակ ժամանակներէն կոչուած է Ուռհա: Ն.Ք. 303-ին Սելեւկիոս Ա. Նիկատոր վերաշինեց զայն եւ անուանեց Եդեսիա: Մակեդոնացիներու լեզուով Էդեսէ կը նշանակէ «ասիկա կը սիրեմ»:
Եդեսիա Ն. Ք. 132-էն Յ.Ք. 216 Օսրոյենէի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: Անոր գահակալները Աբգար անունը կը կրէին եւ ազգութեամբ կամ հայ էին, կամ ալ ասորի: Աբգար Ե. թագաւոր Յիսուսի հրաշքին արժանացաւ եւ բուժուեցաւ իր բորոտութենէն: Այսպիսով Եդեսիա քրիստոնէութեան առաջին եւ գլխաւոր կեդրոններէն դարձաւ:
Հռոմի Կարակալա կայսրը 216-ին գահընկէց ըրաւ Օսրոյենէի վերջին թագաւոր Աբգարը, որմէ ետք Եդեսիա հռոմէական գաղութ դարձաւ: 363-ին, հռոմէա-պարսկական հաշտութեամբ Եդեսիա անցաւ Սասանեան Իրանի տիրապետութեան տակ: Արաբներ 640-ին գրաւեցին Եդեսիան, իսկ 944-ին քաղաքը անցաւ բիւզանդական տիրապետութեան տակ, ապա մարուանեան ամիրաները տիրեցին Եդեսիոյ, իսկ 1071-ին` սելճուքները: Խաչակիր առաջնորդներէն Պոտուէն 1080-ին հիմնեց Եդեսիոյ կոմսութիւնը: Մուսուլի Զանկի ամիրան 1144-ին գրաւեց եւ կործանեց Եդեսիան: 1193-ին քաղաքը կրկին անգամ աւերուեցաւ Լենկթիմուրի կողմէ: Պարսիկներ 1512-ին գրաւեցին Եդեսիան, իսկ 1637-ին` օսմանցի թուրքերը:
* * *
Դէպի Եդեսիա հայութեան գաղթը, ընդունուած կարծիքին համաձայն, տեղի ունեցած է Տիգրան Մեծի օրերուն: Երկրորդ մեծ գաղթը տեղի ունեցած է 340-ական տարիներուն, հայ-պարսկական երկարատեւ պատերազմին ժամանակ: Իսկ վերջին մեծ գաղթը տեղի ունեցաւ Փիլարտոսի եւ Թորոս Ա. իշխանի ժամանակ, որմէ ետք քաղաքը հայկական դիմագիծ ստացաւ: 1144-ին Եդեսիա 47 հազար հայ բնակիչ ունէր:1850-ական տարիներուն Սասունէն, Վանէն, Մալաթիայէն եւ այլ վայրերէ հայեր գացին եւ բնակութիւն հաստատեցին Ուրֆայի մէջ:
1895 հոկտեմբերին, համիտեան կոտորածներուն ժամանակ թուրքեր պաշարեցին Ուրֆան, բայց չկրցան գրաւել հայկական թաղամասերը. յետոյ խաբէութեամբ զօրք մտցուցին քաղաք եւ դեկտեմբեր 28-29-ին կոտորեցին մօտաւորապէս 10 հայ հայեր:
Ուրֆա քաղաքը խառն բնակչութիւն ունէր, հոն կ՛ապրէին թուրքեր, հայեր, ասորիներ, քիւրտեր, արաբներ, յոյներ եւ հրեաներ: Հայերուն թիւը առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին մօտաւորապէս 35 հազար հոգի կը գնահատուէր: Հայկական թաղամասը բարձրադիր էր: Հայերը կը զբաղէին արհեստներով, առեւտուրով եւ երկրագործութեամբ: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին առաջնորդանիստ էր` կից վարժարանով: Սուրբ Սարգիս վանքին մէջ կար որբանոց: Կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները ունէին եկեղեցի եւ դպրոց:
Ուրֆա հարուստ էր զբօսանքի վայրերով: Այն Զլխայի լճակը բարտիներով ու թթենիներով շրջապատուած էր եւ ամրան տաքերուն քաղաքի բնակչութիւնը կը լեցուէր հոն գտնուող պարտէզները: Հայր Աբրահամի լճակը առատ ձուկ ունէր, որոնք սուրբ կը նկատուէին եւ հոն ձկնորսութիւնը արգիլուած էր: Աբգար թագաւորի լերան վրայ կը գտնուէր թագաւորին դամբարանը եւ ամէն տարի յունիսին ուխտի կ՛երթային հոն:
Ուրֆայի խոհանոցը ճանչուած է իր համեղ կերակուրներով, որոնցմէ յիշենք գլխաւորները. հում քէօֆթէ, լըգլգուն քէօֆթէ, հաւկիթով քէօֆթէ, պահք քէօֆթէ, պորանի, եախնի եուվալաղ, տոմալանով ճաշեր (քէմէ), սմբուկով քեպապ, ղազան քեպապի, բանջար ապուր, բանջար չկայ (խթումի ճաշ), թահինով պլղուր ապուր, թահինով ղըյմա (թապուլէ), քաղցր պամիա, քաղցր լիցք (տոլմա), զերտէ, պոստանիա, ոսպ-պլղուր, քըպպէ պէթ, շիշ պէօրակ, օշրուկ ապուր, մալէզ, սէմսէք, քուլունճա, սոխով գոխէ թաւա, կապրղայ միս եւ ոչխարի գլուխ (խաշ):
Ուրֆայի Հերոսամարտը
Ուրֆայի մէջ հալածանքները սկսան 1915 մայիսի վերջաւորութեան, երբ քաղաքին երեւելիները ձերբակալուեցան, որմէ ետք սկսան մասնակի աքսորն ու սպանութիւնները: Յուլիս 18-ին հայերէն պահանջուեցաւ իրենց բոլոր զէնքերը յանձնել: Յուլիս 26-ին ձերբակալուեցաւ Ուրֆայի հայոց առաջնորդ Արտաւազդ վրդ. Գալէնտէրեան, իսկ օգոստոս 4-ին քաղաքին մօտակայքը` Գուտեմէի եւ Գարաքէօփրուի մէջ հաւաքաբար սպաննուեցան զօրակոչի ենթարկուած ուրֆացի 1500 անզէն երիտասարդներ: Այնուհետեւ կառավարութիւնը փորձեց ձերբակալել Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանը եւ անոր ընկերները, բայց չյաջողեցաւ:
Կենաց-մահու ժամը հնչած էր այլեւս. բոլորին համար ալ պարզ էր, որ կառավարութիւնը կ՛աշխատի մասնակի ձերբակալութիւններով, տեղահանութիւններով ու սպանութիւններով ջլատել Ուրֆայի հայութեան ուժը, այնպէս որ, անիմաստ էր սպասել տեղահանութեան հրահանգին, ապստամբութեան ձեռնարկելու համար:
Այս պայմաններուն տակ, Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի գլխաւորութեամբ կայացած խորհրդակցութենէ մը ետք, որոշուեցաւ դիմել ինքնապաշտպանութեան:
Սեպտեմբեր 29-ի առաւօտուն, երբ թուրք ոստիկաններ Գուտեմէի կոտորածէն միակ վերապրողներուն` Սարգիս եւ Գրիգոր Տարագճեաններուն թաքստոցը պաշարած` կ՛աշխատէին ձերբակալել զանոնք, ծայր առին առաջին կրակոցները, եւ կռիւը սկսաւ:
Սեպտեմբեր 30-ի առաւօտուն թուրք խուժանը եւ ոստիկանութիւնը երեք խումբերու բաժնուած` յարձակեցան հայկական թաղերուն վրայ. Մկրտիչի հրահանգին վրայ հայ տղաքը ձգեցին, որ ամբոխը մտնէ թաղերէն ներս, եւ համազարկի տակ առնելով եւ ռումբերով մեծ կորուստներու մատնեցին զանոնք. թուրքերը մօտաւորապէս 450 սպաննուած տալէ ետք նահանջեցին:
Ապստամբութիւնը կանոնաւոր ընթացքի մէջ դնելու համար առաջին իսկ յարձակումէն ետք կազմուեցաւ զինուորական խորհուրդ մը, որուն մաս կը կազմէին Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, Յարութիւն Ռասթկելենեան, Յարութիւն Սիմեան, Խորէն Քիւփէլեան, Լեւոն Եղբէրլէրեան, Յովհաննէս Իմիրզեան եւ Արմենակ Աթթարեան: Հայկական թաղամասը բաժնուեցաւ վեց շրջաններու, 32 դիրքերով:
Հոկտեմբեր 1-ի առաւօտեան սկսած բուռն հրացանաձգութենէն ետք, նոյն գիշերը զօրքն ու խուժանը մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին եւ գրաւեցին հայ կաթողիկէներու եկեղեցին. հայ կռուողները ձգեցին, որ անոնք ներխուժեն հայոց թաղերը, բայց յետոյ պաշարեցին զանոնք եւ մեծ կորուստներու մատնեցին:
Կառավարութիւնը, տեսնելով հայոց բուռն դիմադրութիւնը, Ֆախրի փաշայի հրամանատարութեան տակ վեց հազար զինուոր եւ թնդանօթներ Հալէպէն ճամբայ հանեց դէպի Ուրֆա, որոնց միացան նաեւ մօտաւորապէս տասներկու հազար հրոսակներ:
Հոկտեմբեր 3-ի առաւօտուն սկսաւ սաստիկ թնդանօթաձգութիւնը հայկական թաղերուն վրայ, որ տեւեց մինչեւ երեկոյ, որմէ ետք ամբոխը խուժեց հայկական դիրքերէն ներս, բայց մօտաւորապէս հարիւր զոհ տալէ ետք նահանջեց:
Ֆախրի փաշան հոկտեմբեր 6-ի առաւօտուն իր զօրքով ու թնդանօթներով հասաւ Ուրֆա. քաղաքի մուտքին, զօրքը դիմաւորելու ելած ամբոխին միանալով, Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի եղբայրը` Սարգիս, եւ ուրիշ վեց տղաք, ծպտուած, կրակի տակ առին թնդանօթները, սպաննեցին ձիաւոր հարիւրապետը, շտապեցին քանդել թնդանօթներէն մէկը եւ ստեղծուած խուճապին մէջ փախան հայոց թաղերը:
Հոկտեմբեր 7-ին Ֆախրի փաշան Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի դիմելով առաջարկեց անձնատուր ըլլալ եւ խոստացաւ ոչ միայն ներում, այլ` հազարապետի պաշտօն:
Հոկտեմբեր 8-ի առաւօտուն Ֆախրի փաշան մեծ յարձակում մը շղթայազերծեց, բայց չյաջողեցաւ որեւէ դիրք գրաւել: Աւելի՛ն. գիշերուան մութէն օգտուելով հայ տղաք, թուրք զինուորներու տարազով ծպտուած, անցան թշնամիի թիկունքը եւ յանկարծակի բերելով կատարեալ խուճապի մատնեցին զայն. թուրքերը կորսնցուցին մօտաւորապէս երկու հարիւր կռուող:
Հոկտեմբեր 9-ին աւելի կատաղի դարձան կռիւները. թուրքեր գրաւեցին Թըլպտուր բլուրը եւ չորս կողմէն շրջապատեցին հայոց թաղերը: Թըլպտուրի վրայէն սկսաւ սաստիկ թնդանօթաձգութիւնը հայկական դիրքերուն վրայ, որուն յաջորդեց թուրք զօրքին գրոհը, որ սակայն կասեցուեցաւ: Այդ օր ծունկէն վիրաւորուեցաւ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, եւ զայն փոխարինեց հիւանդ Յարութիւն Ռասթկելէնեան:
Յաջորդող օրերուն աւելի սաստկացան յարձակումները, իսկ թնդանօթները աւեր կը գործէին` քանդելով հայոց բնակարանները. ժողովուրդը արդէն գետնայարկերը ապաստանած էր: Օրէ օր կը նօսրանային նաեւ կռուողներու շարքերը, իսկ պաշարման շղթան հետզհետէ աւելի կը սեղմուէր: Հոկտեմբեր 12-ին ինկաւ Յարութիւն Ռասթկելէնեան, որմէ ետք թուրքեր յաջողեցան մտնել հայոց թաղերը:
Հոկտեմբեր 20-ին երկու թաղերու մէջ միայն դիմադրութիւնը կը շարունակուէր. գրաւուած թաղերուն մէջ բազմաթիւ կիներ ու աղջիկներ անձնասպան եղան: Այս կացութեան մէջ երեք օր շարունակուեցաւ յուսահատական կռիւը, մինչեւ որ հոկտեմբեր 23-ին թուրքեր ներխուժեցին հայոց ձեռքը մնացած թաղերը եւ սկսան սուրի քաշել թաքստոցներուն մէջ ապաստանած ժողովուրդը: Շատեր սկսան անձնասպան ըլլալ: Բոլոր գնդակները արձակելէ ետք, վերջին գնդակով անձնասպան եղաւ նաեւ Մկրտիչ Եօթեղբայրեան. թուրքեր թնդանօթի քսանչորս հարուածներով գուժեցին անոր մահը:
Մինչ աւերակներուն մէջ կռիւները տակաւին կը շարունակուէին հոս ու հոն, ժողովուրդին ողջ մնացողները ճամբայ հանուեցան եւ տարագրուեցան դէպի Տէր Զօր եւ Հալէպ:
- 0 Comments
- 70 views
- Tweet
Email
Print









