Monday May 20, 2013

ՀՕՄ-ի Կազմակերպութեամբ Երեխաներու Նուիրուած Մասնագիտական Խորհրդաժողով` Հայաստանի Մէջ

By adminx - Sat Oct 06, 5:36 am

29 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Երեւանի «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկի ժողովասրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպութեամբ խորհրդաժողով մը` «Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում, սփիւռքի դերը համակարգի ձեւաւորման գործընթացում» թեմայով: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագրի քսանամեակի նշումի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Խորհրդաժողովին նպատակն էր Հայաստանի մէջ երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգիլման, երեխայի զարգացման վրայ խնամատար հաստատութիւններու ազդեցութեան, Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ծառայութիւններու ձեւաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ` երեխայի պաշտպանութեան դաշտին մէջ պետական քաղաքականութեան ու արդի մարտահրաւէրներու արծարծումը եւ նշեալ խնդիրներու լուծման եղանակներու առաջադրումը, ապա` սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնը այդ լուծումներու գործադրութեան մէջ:

Մասնակիցներու շարքին էին հայկական պետական, միջազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի տարբեր երկիրներու մէջ գործող միաւորներու անդամներ:

Խորհրդաժողովի սկզբնաւորութեան ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը, ԼՂՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարինէ Նարիմանեանը, Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) ներկայացուցիչ Հենրիեթ Ահրենսը, որ միաժամանակ անդրադարձաւ «Այլընտրանքային ծառայութիւններու ձեւաւորման գործընթացը Հայաստանի մէջ, առկայ խնդիրները, առաջարկներ» թեմային: ՀՕՄ-ի անունով սեմինարը ողջունեց Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Լիզա Աւագեանը:

Խորհրդաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.

Աննա Մնացականեան` ՀՕՄ.- «Որբ երեխան հայ աւանդական եւ խորհրդային ժամանակաշրջաններուն»:

Յարութիւն Բալասանեան` Խարբերդ մանկատան տնօրէն.- «Հաստատութեան մէջ տեղաւորման ազդեցութիւնը երեխայի զարգացման վրայ»:

Աննա Յարութիւնեան` Փրկենք երեխաները կազմակերպութիւն (Save the Children).- «Երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգիլումը Հայաստանի մէջ»:

Լալա Ղազարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Ընտանիքի, կանանց եւ երեխաների վարչութեան պետ` «Երեխայի պաշտպանութեան դաշտ. պետական քաղաքականութիւնը եւ արդի մարտահրաւէրները»:

Բոլոր զեկուցաբերները ծանրացան ծնողազուրկ կամ ծնողական խնամքէ զուրկ երեխաները խնամատարական հիմնարկներու փոխարէն` ընտանեկան հարկի տակ խնամելու անհրաժեշտութեան վրայ, արձանագրելով, որ գուցէ եւ որդեգի՛ր ընտանիքի ստեղծած ջերմութիւնը հիմնականօրէն կրնայ փոփոխութեան ենթարկել երեխային մտաւոր ու զգացական զարգացումը, ինչ որ կը պակսի խնամատարական հիմնարկներու մէջ: Նոյնինք պետական ու մանկատան պատասխանատու անձնաւորութիւններ անդրադարձան, որ թէեւ անցնող տարիներուն մեծապէս բարելաւուած է Հայաստանի մէջ խնամատարական հիմնարկներու վիճակը, բայց այդ բարելաւումը կը մնայ նիւթական ու ֆիզիքական բարելաւում եւ չի կրնար փոխարինել ընտանեկան գուրգուրանքն ու ջերմութիւնը: Այս իմաստով, բոլոր մասնակիցները կոչ ուղղեցին հայրենի եւ արտերկրի պետական ու ոչ կառավարական կառոյցներու միջեւ գործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյնի իջեցնել խնամատարական հիմնարկներու մէջ ապրող երեխաներու թիւը, նիւթական եւ ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելով յատկապէս ա՛յն ընտանիքներուն, որոնք ֆինանսական կամ ընկերային խնդիրներու պատճառով պարտաւորուած կ՛ըլլան իրենց երեխաները յանձնել հիմնարկներու:

Նիւթերու ներկայացման յաջորդեց մասնակիցներուն հետ հարց ու պատասխանի բաժին:

՛_

Leave a Reply

Advertisement