Thursday May 23, 2013

Ֆութպո՞լ, Թէ՞ Պար

By adminx - Sat Oct 06, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ֆութպոլի շարժումները պարի շարժումներու վերածել, խաղալ թէ՛ գնդակին, թէ՛ ալ երաժշտութեան հետ. ասիկա ֆրիսթայլ ֆութպոլն է:

Ո՛չ, անկարելի չէ: Փա՞ստը. ամէն տարի սեպտեմբեր ամսուն վերջաւորութեան, աշխարհի ֆրիսթայլի ամէնէն լաւ պարող-մարզիկները կը հաւաքուին Իտալիոյ Լեչչէ շրջանին մէջ, ձեռք ձգելու համար աշխարհի ախոյեանի բարձրագոյն տիտղոսը, Ռետ պուլ սթրիթ սթայլի մրցաշարքի աւարտականին: Այդ ախոյեանութեան արժանանալու համար անոնք պէտք է ներկայացնեն ֆութպոլէն ներշնչուած ամէնէն գեղեցիկ շարժումները` միշտ հետեւելով երաժշտութեան կշռոյթին:

Խաղին Օրէնքները

- Ռետ պուլ սթրիթ սթայլի «պաթըլզներու» (մարտախաղեր) սկզբունքը` 3 վայրկեան, 2 խաղցող, 1 գնդակ:

- Մրցակիցները պէտք է ներկայացնեն դասական ֆութպոլէն ներշնչուած ամէնէն գեղեցիկ շարժումները եւ գնդակը իրարու անցընեն ամէն 30 երկվայրկեանը անգամ մը` միշտ երաժշտութեան կշռոյթին հետեւելով:

- Երաժշտութիւնը կը ներկայացուի Տի.Ճէյի մը կողմէ: Մրցակիցները սկիզբէն ծանօթ չեն երաժշտութեան կտորներուն:

 

Ուրախ Ըլլանք

Ճաշ եփել, ամանները լուալ, գնումները ընել, տունը մաքրել… Ասոնք անհրաժեշտ աշխատանքներ են, սակայն յաճախ` ձանձրացուցիչ: Ըստ երեւոյթին, ոչ բոլորին համար:

Ըստ անգլիական ուսումնասիրութեան մը, տան աշխատանքներ կատարող այր մարդիկը միւսներէն աւելի ուրախ կ՛ըլլան… քան միւսները…

Այս ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար Անգլիոյ Քեմպրիճ համալսարանի մասնագէտները իրարու բաղդատած են 34 եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող 30 հազար անձերու առօրեայ կեանքը: Անոնք ուսումնասիրած են տնային աշխատանքներուն այր մարդոց տրամադրած ժամանակը եւ այդ աշխատանքներուն ազդեցութիւնը` անոնց հանգիստին վրայ:

Անոնք կ՛ակնկալէին, թէ այր մարդոց երջանկութիւնը պիտի նուազէր, երբ անոնք տնային աշխատանքները կը կատարէին: Ասոնք շատ հաճելի ժամանցներ չեն..

Սակայն անոնք ստացան հակառակ արդիւնքներ…

Անոնք նշմարեցին, թէ տնային աշխատանքներ կատարող այր մարդիկը աւելի հանգիստ եւ ազատ կը զգան, քան անոնք, որոնք այդ աշխատանքները չեն կատարեր: Այս «տանպարոնները» իրենք զիրենք յանցաւոր կը զգան, երբ չեն օգներ տնային աշխատանքներու մէջ:

Գիտնականներուն համար այս արդիւնքները յաւելեալ փաստ մը են այր մարդոց եւ կիներուն միջեւ հաւասարութեան:

Եւ անշուշտ ասիկա լաւ լուր մըն է:

 

Ժպիտ Մը` Առողջ Ըլլալու Համար

Ըստ գիտական ուսումնասիրութեան մը, ժպիտը լաւ ազդեցութիւն ունի մեր տրամադրութեան եւ առողջութեան վրայ, որովհետեւ ան արգելք կ՛ըլլայ, որ ընկճախտէն (սթրես) յառաջացած կարգ մը հիւանդութիւններ յառաջանան:

Միացեալ Նահանգներու Քանսաս համալսարանէն երկու հոգեբուժներ գիտականօրէն փաստած են, թէ ժպիտը լաւ բան մըն է առողջութեան եւ տրամադրութեան համար:

Այս եզրակացութեան հասնելու համար ամերիկացի երկու մասնագէտները փորձեր կատարած են. անոնք անձերէ կազմուած բազմաթիւ խումբերէ խնդրած են անհանգստութիւն պատճառող աշխատանքներ կատարել (օրինակի համար, հակառակ ձեռքով աստղ մը գծել, կամ ձեռքերը սառած ջուրի մէջ դնել):

Կարգ մը անձեր պէտք էր իրենք իրենց ստիպէին ժպտիլ այդ աշխատանքները կատարելու ընթացքին, իսկ ուրիշներ` ոչ: Փորձին վերջաւորութեան, այն անձերը, որոնք ժպտացած էին, շատ աւելի նուազ անհանգիստ կը զգային, քան միւսները: Անոնց սրտի կշռոյթը (տրոփումները) աւելի դանդաղ էր:

Մասնագէտները յանգած են եզրակացութեան մը. ժպիտը դրական զգացումներ կը յառաջացնէ, նոյնիսկ երբ ան ստիպողական է: Անիկա կ՛օգնէ նուազեցնելու անձկութեան զգացումը: Հետեւաբար անիկա կրնայ օգտակար ըլլալ նախատեսելու շաքարախտի կարգ մը տեսակներ, կամ` չափազանց գիրութեան դէմ. այս հիւանդութիւնները մասամբ կը յառաջանան ընկճախտի պատճառով:

 

«Այ-Փետ»-ներ
Ուրանկութաններուն Համար

Այո՛, այս լուրը երեւակայական չէ: Թորոնթոյի, Քանատա, կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ ուրանկութանները «Այ-փետ»ներ կը գործածեն: Համակարգիչի նմանող այս պզտիկ տախտակները նուիրուած են անասուններուն բարերարի մը կողմէ:

Կենդանաբանական պարտէզին պատասխանատուները նշմարած են, թէ ասիկա լաւ միջոց մըն էր այս մեծ կապիկները զբաղեցնելու համար: Երբ այս անասունները իրենց վանդակներուն մէջ կը ձանձրանան, անոնք կը վհատին: Անոնց համար «Այ-փետ»-ի յատուկ յայտագիրներ ստեղծուած են: Սկիզբը անոնք պաստառին իրենց ճանկերով կը զարնէին: Սակայն անոնք շատ շուտ անդրադարձան, թէ պէտք էր, որ իրենց մատներուն մորթը գործածէին:

Այս ձեւով անոնք գիծեր կը քաշեն, քարտեր կը շրջեն, վիտէօներ կը դիտեն եւ նկարներ կը քաշեն:

Արհեստագիտական այս նոր «խաղալիքը» անոնց ուղեղը պիտի գրգռէ: Գիտնականները կը յուսան այս ձեւով աւելի բաներ սորվիլ այս անասուններուն մտային կարողութիւններուն մասին:

 

Ամէն Մարդ Խաղալու Իրաւունք Ունի

 

 

 

 

 

 

Հելսինքիի մէջ, Ֆինլանտա, զբաղիլը միայն մանուկներուն յատուկ ժամանց մը չէ: Քաղաքին պատասխանատուները համացանցին վրայ ծերերուն յատուկ խաղի կայքէջ մը ստեղծած են: Հոն առաջարկուած խաղերը կարելիութիւնը կու տան մարզելու արագութիւնը, զօրութիւնը, ճկունութիւնը, յիշողութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը:

 

Աշխարհի Ամէնէն Արագ
Մարդամեքենան

Չիթա ամերիկեան մարդամեքենան ունի նոյն անունը կրող անասունին թէ՛ կերպարանքը, թէ՛ ալ արագութիւնը: Ան կը վազէ ամէնէն արագ մարդ արարածէն` աշխարհի ախոյեան Ուսէյն Պոլթէն աւելի արագ: 20 մեթր հեռաւորութիւնը ան վազած է ժամական 45,5 քմ արագութեամբ: Պոլթ կը վազէ ժամական 44,6 քմ արագութեամբ:

 

32,5

 

 

 

 

 

 

Լեկոյէ աշխարհի ամէնէն բարձր աշտարակը շինուեցաւ Փրակայի մէջ: Անոր հասակը կը հասնի 32,5 մեթրի: Ան 30 սմ աւելի բարձր է, քան` նախկին աշխարհի մրցանիշը, որ արձանագրուած էր Լոնտոնի մէջ, 6 յուլիսին:

Բազմաթիւ մանուկներ եկած են օգնելու աշտարակը կառուցող դանիացի ճարտարագէտին` աշտարակին 500 հազար կտորները կազմելու համար:

 

Համպըրկըր

Միացեալ Նահանգներու մէջ, սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ, Մաք Տոնալտ ճաշարանները սկսած են իրենց ճաշացուցակներուն վրայ նշել ուտելիքներուն ջերմուժին քանակը:

Հիմա մենք գիտենք, թէ «Պիկ Մաք»` համպըրկըր մը կը պարունակէ 550 ջերմուժ. տապկուած գետնախնձորի պզտիկ տուփ մը` 210 ջերմուժ: Ասիկա շատ է, մանաւանդ երբ գիտենք, թէ մանուկ մը օրական պէտք ունի «միայն» 2500 ջերմուժի:

 

Ժամանց

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս եռանկիւն տախտակը ամբողջացնել` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը` հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար` 2+1=3:

Կրնա՞ս նկարները ամբողջացնել տուփիկներուն հետեւելով:

 

 


 

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement