Thursday May 23, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Oct 06, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այցելութիւն տուէք ձեր հարազատներուն կամ ձեզի մօտիկ անձերու, որպէսզի տեղեակ մնաք անոնց կացութեան` ձեր կարգին փոխանցելով ձեր կեանքէն նորութիւններ: Սերտացուցէք ընկերային ձեր կապը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ծախսերը կը մագլցին, ուշադիր եղէք պիւտճէի հաւասարակշռութեան: Խնայողութեան մասին մտածեցէք եւ սեղմեցէք ձեր քսակը, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ նորաձեւութեան հետեւող մըն էք, ընտրեցէք  միայն, ինչ որ յարմար է ձեր ֆիզիքական կերպարին: Չափազանցութիւններէ հեռու մնացէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Զգուշացէք ծանրաբեռնուած աշխատանքէ, կատարեցէք այնքան, որքան կրնաք: Չափի զգացողութիւն ունեցէք: Կ՛օգտուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրերու եւ ժամերու արժէքը գիտցէք: Իւրաքանչիւր օր ունի իր պահանջը եւ ձեր պարտաւորութիւնը: Ծուլութեամբ մի՛ տարուիք, եղէք աշխատասէր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գիտակից էք ձեր գործունէութեան, ձեզի յանձնուած պարտականութեան արժէքին: Ձեր շուրջինները պիտի արժեւորեն ձեր համերաշխ գործակցութիւնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ դժգոհութիւն ունիք հարցի մը անկատար մնալուն համար, գտէք միջոցը` պատճառը հասկնալու եւ լուծում գտնելու: Իմաստութիւնը կարեւոր է այս պարագային:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերային ձեր պարտականութիւնը կատարեցէք արդար կեցուածքով: Մի՛ հետեւիք ուրիշներու ձեւաւորած տրամադրութեան: Ինքնուրոյն եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամուսնացած ըլլաք թէ ամուրի, ուժ տուէք համերաշխութեան, որպէսզի ձեր միասնական որոշումները ըլլան արդար: Ընտանեկան կեանքը պահպանեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին թելադրանքին: Եթէ ուրիշներուն կարծիքը տարբեր ըլլայ ձեր համոզումէն, մի՛ հակառակիք, այլ նկատեցէք բնական:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրալիր յարաբերութիւն մը պիտի ունենաք ձեր նոր հանդիպած անձին հետ, որուն փոխանցած միտքերը պիտի օգնեն ձեր ծրագրին իրականացման:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերամուտի այս օրերուն, մի՛ անտեսէք կրթական ձեր պարտականութիւնը, եթէ ունիք անչափահաս աշակերտներ, կամ կը հետաքրքրուիք ուսումնական ծրագիրներով: Քաջալերեցէք տկար եւ դժուար սորվող աշակերտները:

Leave a Reply

Advertisement