Thursday May 23, 2013

Իրավիճակը` Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ

By adminx - Fri Oct 05, 7:48 am

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ` տեղեկանալու համար Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին:

Ըստ Ռէյիսեանի, տակաւին մինչեւ երէկ գիշեր ընդհարումները կը շարունակուէին Հալէպի Պոսթան Փաշայի շրջանին մէջ, ուրկէ կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներ կը լսուէին: Ընդդիմադիրները կը փորձեն իրենց դիրքերը չզիջիլ, իսկ բանակը խիստ կերպով կը հակադարձէ:

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ երէկ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ հրթիռարձակումներու պատճառով շէնքի մը երեք յարկաբաժիններուն մէջ հրդեհ մը ծագեցաւ: Ազգային շտապ օգնութեան մարմինի տղաքը իսկոյն օգնութեան հասան եւ իրենց կարելի միջոցներով հակակշիռի տակ առին հրդեհը: Հրդեհին պատճառած նիւթական վնասները շատ էին, սակայն բարեբախտաբար զոհեր չկայ:

Նոյնպէս երէկ, փոխադարձ ռմբակոծման ընթացքին արձակուած ռումբերէն մէկը վնասեց եւ բացուածք յառաջացուց Վիլլաներու շրջանի Կրթասիրաց-Չեմպերճեան վարժարանի տանիքը: Բարեբախտաբար աշակերտներ չկային վարժարանին մէջ, միաժամանակ` ռումբը չպայթեցաւ, այլ միայն առաստաղը բացուածք յառաջացուց:

Աւելի ուշ Ռէյիսեան խմբագրութեան հաղորդեց հետեւեալը. «Իրիկունը Նոր Գիւղի մէջ քանի մը ռումբեր տեղացին, բաւական մեծ վնասներ կան: Բնակարաններուն մէջ հրդեհ ծագած է, վիրաւորներ կան եւ հիմա երկու մահուան պարագայ յստակ է: Նաեւ Սուլէյմանիէի մէջ շէնքի մը վրայ ռումբ ինկած է, որուն վնասներուն տակաւին ծանօթ չենք: Օգնութեան աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են»:

Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ ապահովական իրադարձութիւնները սահմանափակուած էին մայրաքաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Քուտսէյա եւ Տումմարի շրջաններուն մօտակայքը, ուր տեղի ունեցան պայթումներ եւ բախումներ:

Լսուեցան նաեւ կրակոցներու ձայներ որոշ թաղամասերու մէջ, իսկ քաղաքին մէջ անցարգելները կը շարունակեն մնալ խտացուած ձեւով:

Leave a Reply

Advertisement