Wednesday May 22, 2013

Ազգային Ժողովը Հաստատեց 2011 Թուականի Պիւտճէի Կատարողականը

By adminx - Fri Oct 05, 7:46 am

Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու 70 թեր, 6 դէմ յարաբերակցութեամբ երէկ հաստատեց 2011 թուականի պիւտճէի կատարողականը:

Կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու նախաձեռնութիւններ չեղան: Քննարկման ընթացքին տեղի ունեցան քանի մը քննադատական ելոյթներ:

«Աշխատասենեակներուն մէջ քրտնաջան աշխատող պատգամաւորները կը հրաւիրեմ դահլիճ, որպէսզի քուէարկութիւններ կազմակերպենք», քննարկման աւարտին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան:

2011 թուականի հաշուետուութիւնը կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու իրական կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, եւ անկէ, ինչպէս կը սպասուէր, կրնար օգտուիլ տակաւին մինչեւ մայիսեան ընտրութիւնները կառավարութեան գործունէութիւնը քննադատող Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը: Սակայն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը Վարդան Օսկանեանին հետ կապուած վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով որոշում տուաւ պոյքոթի ենթարկելու խորհրդարանական ընթացիկ քառօրեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ միւս ընդդիմադիր ուժերը` Դաշնակցութիւնը, Ժառանգութիւնը, Հայ Ազգային քոնկրեսը կարելիութիւն չունէին կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարց բարձրացնելու:

Մինասեան պարզաբանեց, որ անվստահութիւն յայտնելու համար առնուազն 27 պատգամաւորներու ստորագրութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի հարցը օրակարգ մտնէ: Իսկ որոշում ընդունելու համար կէսէն աւելի ձայներ պէտք են: Մինասեան նշեց, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները միասին ընդամէնը 17 պատգամաւորներ ունին:

Leave a Reply

Advertisement