Ազրպէյճան Կը Պատրաստուի Ղարաբաղի Վերաբերեալ Խաղաղ Բանակցութիւններուն «Այլընտրա՞նք» Փնտռելու
By adminx - Fri Oct 05, 7:41 am
- 0 Comments
- 119 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Զահիտ Օրուճ` մեկնաբանելով ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ձեւաւորուած իրավիճակը, յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներ, որոնք տասնամեակներու ընթացքին մենաշնորհային դարձուցած են բանակցային հոլովոյթը, ոչ միայն չեն արագացուցած խաղաղ ելքը, այլ նաեւ մօտեցուցած են ղարաբաղեան տագնապի զինուորական լուծումը:
Ըստ անոր, արձանագրելով այս փաստը` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով ճանչցաւ միջազգային իրավիճակի սրացումը:
Ան նշեց, որ բանակցային հոլովոյթին վիժեցումը տուեալ պարագային կը նշանակէ տագնապի զարգացման մէջ նոր հանգրուանի սկիզբ:
«Եթէ մինչեւ հիմա Մինսքի «եռեակ»-ի ուղեւորութիւնները ազրպէյճանական կողմին մօտ յոյսեր կը յառաջացնէին, որ դիւանագիտական պայքար մը կ՛ընթանայ, ուր Ազրպէյճանի նախագահը զիջումներ պիտի չկատարէ, ապա այժմ հայկական կողմը Ազրպէյճանը կանգնեցուցած է խաղաղ բանակցութիւններուն այլընտրանքային ճամբայ գտնելու անհրաժեշտութեան առջեւ», ընդգծեց պատգամաւորը:
Պէտք է նշել, որ նոյնինքն ազրպէյճանական կողմը անընդհատ կը տապալէ խաղաղ բանակցութիւնները` անտեսելով միջազգային միջնորդներուն շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու, այնտեղ տեղի ունեցած միջադէպերը հետաքննող մեքանիզմներ մշակելու վերաբերեալ բոլոր կոչերը, ինչպէս նաեւ խախտելով զինադադարի դրութիւնն ու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանին վրայ յարձակումներ կազմակերպելով: Ազրպէյճանի կողմէ վերջին գրգռութիւնը Հունգարիայէն արտայանձնուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելն էր:
Ըստ Զահիտ Օրուճի, ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը «ոչ մէկ իրական գործառոյթ կը կատարէ եւ միեւնոյն ժամանակ իր հեղինակութեամբ կը խոչընդոտէ միջնորդութեան համար այլ թեկնածուներու ի յայտ գալուն»:
«Գաղտնի բանակցութիւններու մասնակից Արազ Ազիմով յայտարարեց, որ ներկայիս Ազրպէյճան քայլերու կը ձեռնարկէ իրավիճակը իր օգտին փոխելու վերաբերեալ: Կարելի է միայն գուշակել, արդեօք խօսքը կը վերաբերի զինուորական-քաղաքական ընթացքին Թուրքիոյ միանալու վերաբերեալ Ռուսիոյ հետ առանձին բանակցութիւններ վարելո՞ւն, թէ՞ զինուորական քարոզչութեան ծրագիրներու մասին», ընդգծեց ան:
- 0 Comments
- 119 views
- Tweet
Email
Print




