Օրպան. «Սաֆարովի Յանձնումը Ճիշդ Որոշում Էր»
By adminx - Fri Oct 05, 7:40 am
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print
Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտարարեց, որ ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումը «ճիշդ եւ իրաւացի» որոշում էր, որ թոյլ տուաւ Հունգարիոյ դուրս գալ հայ-ազրպէյճանական տագնապէն:
Հունգարական «Էմ.Թի.Ի.» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անցեալ երկուշաբթի օր խորհրդարանին մէջ պատասխանելով ընկերվար երեսփոխան, Հունգարիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Լասլօ Քովաչի կատարած քննադատութեան, որ շեշտեց, թէ մարդասպանը հայրենիքին մէջ հերոսացուած է` ժամանելուն պէս ազատ արձակուելով, Օրպան յայտնեց, որ իր կառավարութեան որոշումը կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքներուն եւ Հունգարիոյ իրաւական փորձին:
«Մենք նոյնը պիտի ընէինք, եթէ հայ մը սպաննած ըլլար ազրպէյճանցի մը: Հունգարիան պէտք է հետապնդէ սեփական, այլ ոչ թէ Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի շահերը», յայտարարեց Վիքթոր Օրպան:
Քովաչ իր կարգին ընդգծեց, որ այդ քայլով Հունգարիա միջամտած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին: Նախկին արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ շահը այսպիսի որոշումէն, որ «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները դրած է միեւնոյն կողմը», անհասկնալի է:
Խորհրդարանականը նշեց նաեւ, որ որոշումին ընդդիմացած են Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները:
Վարչապետը հակադարձեց, թէ որոշումին շարժառիթը «կարճաժամկէտ շահը չէր», իսկ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ ատիկա շահ պիտի բերէ:
Նշելով, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապը տակաւին պիտի շարունակուի, Օրպան պնդեց, որ «Հունգարիան դուրս եկաւ անկէ` արտայանձնելով ազրպէյճանցի դատապարտեալը»: Հունգարիոյ վարչապետը նշեց, որ քանի որ ան տակաւին Հունգարիա էր, ան բազմաթիւ հակասութիւններու եւ դժուարութիւններու պատճառ կը դառնար, եւ այդ իրավիճակը ապագային ալ պիտի չփոխուէր:
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print




