Saturday May 18, 2013

Ծառուկեանի Մամլոյ Գրասենեակ. «Մեր Ընդդիմախօսները Անցած Են Քաղաքական Բարեկրթութեան Եզրագիծը»

By adminx - Fri Oct 05, 7:39 am

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի մամլոյ գրասենեակը նախանցեալ օր տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ վերջին շրջանին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ յստակ ուղղորդուած ստայօդ եւ գրգռիչ որոշ հրապարակումներ մէկ բանի  մասին կը վկայեն թէ յստակ է, որ անոնց պատուիրատուները հետզհետէ կը կորսնցնեն ինքնատիրապետումը: «Անշուշտ, մենք կը հասկնանք, որ այս կեղտոտ արշաւին քաղաքական պատուիրատուներուն համար պարկեշտութիւնը անհասկնալի հասկացողութիւն է, սակայն խորհուրդ կու տամ սոյն պատուիրատուներուն եւ նոյնքան անպարկեշտ կատարողներուն յիշել պումերանկի յայտնի ազդեցութեան մասին: Կը վստահեցնեմ, որ այս շրջանին պումերանկը պիտի դառնայ բաւական լուրջ հասկացողութիւն` նաեւ քաղաքական առումով», ընդգծեց Ծառուկեանի մամլոյ գրասենեակը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ աւելի քան ակնառու է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Գագիկ Ծառուկեանի ընդդիմախօսները, նոյնն է թէ նմանօրինակ հրապարակումներու պատուիրատուները, անցած են քաղաքական բարեկրթութեան եզրագիծը եւ այս աժանագին վարքագիծի արժանի հակազդեցութիւնը իրեն շատ երկար սպասեցնել պիտի չտայ:

 

Leave a Reply

Advertisement