Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Ձախողեցան Կազմելու Սեղմ Յանձնախումբ Մը
By adminx - Fri Oct 05, 7:33 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ ներկայութեամբ արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ, Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ Մարուան Շարպելի:
Նիստը օրինաւոր չէր` երեսփոխաններու անհրաժեշտ թիւի չգոյութեան պատճառով:
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը համաձայնութիւն մը գոյացուցին այդ յանձնախումբերուն անդամներէն բաղկացող սեղմ յանձնախումբ մը յառաջացնելու մասին, սակայն անոնք տարակարծութիւններ ունեցան այդ յանձնախումբին մաս կազմելիք անհատներուն շուրջ:
Ասոր իբրեւ հետեւանք միացեալ յանձնախումբերուն չորրորդ նիստը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին սեղմ յանձնախումբին մաս կազմելիք երեսփոխաններուն անունները:
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը ներկայացնող սեղմ յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն 10 երեսփոխաններ, որոնցմէ 4-ը պիտի որոշեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, միւս 4-ը` Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին մաս պիտի կազմէ Աքրամ Շեհայէպը, որ կը ներկայացնէ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի:
Նիստէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան մաղթեց, որ ժամանակը չվատնուի, որովհետեւ խորհրդարանը պատասխանատու է լիբանանցիներուն դիմաց:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ քրիստոնեայ երեսփոխաններուն ընտրութիւնը ճշգրիտ կատարելու յանձնառութիւնը հիմնական չափանիշ է, որ նկատի պէտք է առնուի: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն են այդ նախաձեռնութեան եւ յարմար կը գտնեն, որ իրենց դաշնակից Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը որոշէ այդ մէկը, եւ իրենք պիտի որդեգրեն այդ որոշումը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մաղթեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը եւ լիբանանցի երեսփոխանները մշակեն ընտրական օրէնքը, եւ չկազմուին սեղմ յանձնախումբեր:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան նիստին իւրաքանչիւր կողմ թող ներկայացնէ սեղմ յանձնախումբին մաս կազմող երեսփոխաններուն անունները, սակայն այդ յանձնախումբը չկազմուելու պարագային, պէտք է շարունակել աշխատանքը եւ սկսիլ ընտրական օրէնքի բարեփոխումներէն ու հասնիլ ընտրական օրէնքին համամասնական թէ մեծամասնական բնոյթին որոշումին:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ժիհատը իր կողմնացոյցը կորսնցուցած է` աւելցնելով, որ Նապի Շիթը Քըրեաթ Շմոնան չէ, ինչպէս նաեւ Քուսայրը Գալիլիան չէ, իսկ Հալէպը Հայֆան չէ:
Հըզպալլայի երեսփոխաններէն ոչ մէկը հակազդեց այդ յայտարարութեան:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print




