Thursday May 16, 2013

Սապունճեան Այցելեց «Սապեք» Ընկերութիւնը

By adminx - Fri Oct 05, 7:28 am

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց «Սապեք» ընկերութեան Պէյրութի գրասենեակները, ուր ծանօթացաւ ընկերութեան աշխատանքներուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ պաշտօնեաներուն հետ:

«Սապեք»-ը հիմնուած է 1976-ին` Սէուտական Արաբիոյ մէջ. անիկա քարիւղա-քիմիական ճարտարարուեստի գործարան մըն է, որ միջազգային մակարդակ ունի եւ իր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ 40 հազար աշխատաւորի գործ կը հայթայթէ, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ունի արհեստագիտութեան եւ ուսումնասիրութեանց 16 կեդրոն:

Վ. Սապունճեան դիմաւորուեցաւ «Սապեք»-ի Լիբանանի տնօրէն Խալետ Հապարտիի կողմէ, որ ողջունեց նախարարը:

Նախարար Սապունճեան իր կարգին դրուատեց ընկերութեան ձեռք ձգած նուաճումները եւ միջազգային մակարդակներ նուաճելու անոր իրագործումները:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ այդ ընկերութեան գրասենեակներուն բացումը ցուցանիշ է, թէ լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ որքա՛ն մեծ վստահութիւն կայ:

 

Leave a Reply

Advertisement