Պթաապուրայի Մէջ Զէնքի Պահեստանոց Մը Բացայայտուեցաւ
By adminx - Fri Oct 05, 7:27 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ յայտնեց, որ Քուրայի մօտակայ Պթաապուրա գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտած է զէնքի պահեստանոց մը, որ, ըստ իրեն, կը պատկանէր Ղովմի կուսակցութեան: Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը նշեց, որ ինք գրաւած է պահեստանոցին մէջ գտնուող գնդացիրները, ատրճանակներն ու հրթիռները:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, զէնքերը գտնուած են Ղովմի կուսակցութեան անդամ Ժորժ Սաապի բնակարանին կից պարտէզի մը մէջ:
Ղովմի կուսակցութիւնը հերքեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք ներխուժած է կուսակցութեան Քուրայի կեդրոնը եւ գրաւած զէնքեր: «Ղովմի կուսակցութիւնը Քուրայի մէջ գրասենեակ կամ կեդրոն չունի, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի Քուրայի Պթաապուրա գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած միջադէպին հետ», նշուեցաւ հերքումին մէջ:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



