Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Fri Oct 05, 7:25 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները մնայուն կերպով պէտք է հայթայթուին ապահովական կառոյցներուն` աւելցնելով, որ այդ պարտականութենէն կարելի չէ հրաժարիլ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու միջազգային գողութեանց գրասենեակին կողմէ գործուղուած ոստիկանական խումբ մը երէկ երեկոյեան Այն Ռըմմանէի շրջանին մէջ հալածեց գողեր, որոնք կրակ բացին այդ խումբին ուղղութեամբ: Սակայն ի վերջոյ ներքին ապահովութեան ուժերը յաջողեցան ձերբակալել երկու գողերը:
ԱՅՆ Հելուէի բանջարեղէնի շուկային մէջ ձեռնառումբ մը պայթեցաւ` ականի մը բացայայտումէն ետք: Պայթումին պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ Ֆաթհի պատասխանատուներէն մէկը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛որոշէ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց փոխադրութեան առումով ապահովական յատուկ դասաւորումներու դիմած են` իրենք իրենց անվտանգութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք Հըզպալլայի զօրակցութիւնը չէ լսած Ուղղափառ համայնքի հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրինագիծին մասին:
«ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ զէնքը ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ», յայտնեց նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը լաւագոյնն է եւ անիկա ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը օրինակելի ընտրական օրէնքն է ներկայ եւ ապագայ պայմաններուն մէջ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը ազգային թիւրիմացութիւն պատճառող հարց մըն է, որուն լուծումը կարելի է ապահովել միայն ազգային երկխօսութեան շրջագիծին մէջ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ մերժեց Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին կառչած մնացող քաղաքական կողմը ձախող կը նկատուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ցարդ լուրջի չեն առած ընտրական օրինագիծ մը մշակելու նախաձեռնութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի անդամ տասնեակ մը մարտիկներ կը թաղուին` առանց անոնց մահուան դրդապատճառները բացայայտելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած սպանդները մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրները կը նկատուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծը յաջողութեան ոչ մէկ առիթ պիտի ունենայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ այն հաստատումները, թէ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծը քրիստոնեայ համայնքին կը վերադարձնէ իր ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, անճիշդ են:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, արդէն իսկ համաձայնութիւն մը գոյացած է, որ դատախազ Ժան Ֆահըտ նշանակուի Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախարար մը յայտնեց, որ դժբախտաբար ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կրցած է համոզել ժողովուրդը` անոր մասին լրտեսութիւն կատարելու կարեւորութեամբ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սաֆատիի կատարած յայտարարութիւնը, թէ ինք 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդգծեց, որ կան որոշ կէտեր եւ պայմաններ, որոնք պէտք է նկատի առնուին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն տրամադրելու աշխատանքին շրջագիծին մէջ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երէկ կէսօրէ ետք մեկնեցաւ Փարիզ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես կոչ ուղղեց գործադրելու Լիբանանի սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածը, որ կոչ կ՛ուղղէ ջնջելու քաղաքական համայնքայնութեան դրութիւնը:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



