Wednesday May 22, 2013

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կառավարութիւնը Լիազօրեց Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Ձեռնարկելու

By adminx - Fri Oct 05, 7:22 am

Թրքական խորհրդարանի նիստը

Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ վաւերացուց կառավարութեան դիմումը, որ վերջինիս կը լիազօրէ անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիոյ սահմանէն դուրս զինուորական գործողութիւններ կատարելու:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ խորհրդարանը այդպիսով կառավարութեան լիազօրութիւն տուած կ՛ըլլայ «սուրիական բանակին կատարած յարձակումներուն առնչութեամբ զինուորական յարմար որոշում մը տալու»:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն եւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն 320 երեսփոխաններ դիմումին թեր քուէարկեցին, իսկ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն եւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն 129 երեսփոխաններ` դէմ:

Որոշումի որդեգրումէն ետք Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պաշիր Աթալայ յայտարարեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած փաստաթուղթը «որեւէ պետութեան կամ կողմի դէմ պատերազմ յայտարարելու լիազօրութիւն չէ»:

Նախքան դռնփակ նիստը Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք շեշտեց, որ իր երկիրը պէտք է «ինքնազսպումի դիմէ եւ զգուշ գտնուի»: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ պարտականութիւնն է միջազգային օրէնքներէն բխող իր իրաւունքները պաշտպանել` յոյս յայտնելով, որ խորհրդարանին որդեգրելիք որոշումը ի շահ երկրին ըլլայ: Ան յայտարարեց, որ կառավարութեան դիմումին քննարկման նիստը, ինչպէս այսպիսի պարագաներու նախապէս կը կատարուէր, դռնփակ պիտի ըլլայ:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտարարեց, որ «թրքական ուժերը սուրիական հողամասեր մուտք պիտի չգործեն»` նշելով, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տեղեակ պահած է: Արդարեւ, Ազրպէյճան Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ կողմէ թրքական հողամասերուն ռմբակոծումը:

Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ Անգարա Դամասկոսի հետ պատերազմ չ՛ուզեր: «Թուրքիա Սուրիոյ հետ պատերազմի փափաք չունի, սակայն Թուրքիա իր սահմանները պաշտպանելու կարողութիւնը ունի եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի հակադարձէ»` աւելցնելով, որ Թուրքիա երեքշաբթի օրուան դէպքին հակադարձեց առանց Սուրիոյ դէմ պատերազմ յայտարարելու` նշելով, որ «քաղաքական եւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին»:

Նշենք, որ երեքշաբթի օր սուրիական կողմէն արձակուած ռումբեր ինկան Ուրֆայի նահանգի Աքչաքալէ շրջանին մէջ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ պատճառելով 5 զոհեր` կին մը եւ իր չորս զաւակները: Թրքական հրետանին հակադարձեց եւ մինչեւ առաւօտ սուրիական դիրքեր ռմբակոծեց, իսկ երէկ առաւօտեան եւս ռմբակոծումը շարունակեց:

Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմին տեղեակ պահած է արձանագրուած դէպքէն: Ան թրքական ռմբակոծումը նկատեց «վրիժառական»` նշելով, որ «ըրինք ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ իրենք ըրին»:

Էօնալ շեշտեց, որ Թուրքիա այսուհետեւ սուրիական ոտնձգութեանց նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ եւ ապագայ որեւէ միջադէպի պիտի հակադարձէ:

Նշենք, որ թրքական կառավարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ «Ասատի վարչակարգը մեր հողերուն դէմ յարձակումին համար ներում հայցեց»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի սուրիական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ թրքական հողամասերուն դէմ կատարուած հրացանաձգութեան շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի` վստահեցնելով, որ Սուրիա դրացի երկիրներու հետ բարի դրացիական յարաբերութիւնները կը յարգէ, եւ բոլոր պետութեանց կոչ ուղղեց իրենց սահմաններուն հսկելու եւ ահաբեկիչներուն Սուրիա մուտքը արգիլելու:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը սկսած է Աքչաքալէի բնակիչները հեռացնել շրջանէն: Օրաթերթը նշեց, որ արդէն երեք թաղամասեր դատարկուած են:

Մինչ ՕԹԱՆ սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց` «Թուրքիոյ դէմ թշնամական արարքները» անմիջապէս դադրեցնելու, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Իրանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլիին հրամայեց Թուրքիոյ փոխանցել խիստ ոճի պատգամ մը, ըստ որուն, «սուրիական հողամասերուն դէմ յարձակում գործելը խափանարարական արարք մըն է, որ վերջ պիտի տայ Միջին Արեւելքի մէջ ՕԹԱՆ-ի երկիրներու շահերուն, եւ թուրքերը պէտք չէ ամերիկեան խաղին մասնակից դառնան»: Մինչ այդ, Իրանի փոխնախագահը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար Անգարա ուղղուեցաւ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց իրարու միջեւ ուղղակի կապ հաստատելու եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու: Ան նշեց, որ սուրիական կողմը Մոսկուայի վստահեցուցած է, որ դէպքը սխալմունք մըն էր, իսկ ռուսական կողմը պահանջած է, որ այդ մէկը դարձեալ չկրկնուի:

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտարարութիւն մը հրապարակելով անընդունելի նկատեց թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը: «Երէկուան միջադէպը ակնյայտ կերպով ցոյց կու տայ սուրիական ճգնաժամի ողբերգական ազդեցութիւնը դրացի երկիրներուն համար», ըսուած է անոր յայտարարութեան մէջ: Ան Սուրիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնը եւ յարգելու դրացի բոլոր երկիրներուն գերիշխանութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին դատապարտեց միջադէպը եւ կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու:

Աւելի ուշ, Ռուսիա ձախողութեան մատնեց Ապահովութեան Խորհուրդէն Սուրիոյ կողմէ թրքական հողերու ռմբակոծումը դատապարտող յայտարարութիւն մը, որովհետեւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն Թուրքիոյ միջամտութեան դատապարտում չէր բովանդակեր:

 

Leave a Reply

Advertisement