Ակնարկ. Օսմանեան Փառատօն
By adminx - Fri Oct 05, 7:21 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 30 սեպտեմբերին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 4-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, երբ իր բաճկոնը հանեց ու թեւերը սոթտեց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման կամ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին չէր կապկեր, այլ գործի լծուելու իր վճռակամութեան լրջութիւնը ցուցադրող եւ ազդանշանը տուող պատգամ մը կը փոխանցէր:
Այդ օր Էրտողանի գլխաւոր հիւրերը` Իսլամ եղբայրներու գաղափարախօսութեան հետեւորդներ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսին, Թունուզի Նահտա կուսակցութեան ղեկավար Ռաշիտ Ղաննուշին եւ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալն էին: Մնացեալը հրաւիրուած էին իրենց աչքով տեսնելու եւ ականջով լսելու նոր օսմանականութեան ախորժակներն ու անոր փառամոլութեան լրջութիւնը:
Օսմանեան անցեալի կարօտախտի դրսեւորման ազդանշանը տուաւ Մաշաալ, երբ իր խօսքին մէջ յիշեց Սուլթան Ապտիւլ Համիտը եւ Պաղեստինի սիրոյն անոր կատարած «զոհողութիւնը»: Արդարեւ, «Իսլամական եղբայրներ»-ուն համար կարմիր սուլթանը գովերգելի հերոս մըն է, որովհետեւ, ըստ իրենց, մերժած է Պաղեստինը ծախել կամ հրեաներուն տալ: Սակայն անոնք կը մոռնան, թէ խօսքը անկախ Պաղեստինի մը մասին չէ, այլ` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ բռնագրաւուած տարածքի մը մասին, որմէ հրաժարիլ մերժած էր ջարդարար սուլթանը: Այլ խօսքով` այստեղ վեհանձնութեան նշոյլ մը իսկ գոյութիւն չունի, այլ` մանկամիտ եսասիրութեան եւ կայսերապաշտութեան: Սուլթանը շփացած մանուկ մըն էր, որ չուզեց իր «խաղալիք»-ը այլ մանուկի մը տալ, իսկ այդպիսի մանուկներն ու անոնց արարքները չեն գովեր: Աւելի՛ն, Պաղեստինի ազատագրութեան համար զինեալ դիմադրութեան հաւատացող եւ պայքար մղող շարժումի մը ղեկավարը ինքզինք հակասած կ՛ըլլայ, երբ Իսրայէլէն զատ այլ բռնագրաւող մը կը գովաբանէ, որովհետեւ այդ գովաբանութիւնը համազօր է Տէյվիտ պեն Կորիոնի կամ Կոլտա Մէյիրի գովաբանման:
Օսմանեան սուլթաններու տողանցքը շարունակուեցաւ, երբ Էրտողան բեմ բարձրանալով խօսեցաւ օսմանեան պատմութեան մասին եւ ողջունեց Մոհամետ աշխարհակալը, Սելիմ Ա.-ը եւ Սիւլէյման արդարը: Ան նաեւ ողջունեց Նիկոսիան, Մակեդոնիան, Սարայեւոն, Գահիրէն, Կովկասը, Մեքքան եւ Մետինէն, նշեց Դամասկոսը, Հալէպը, Ռաքքան, Իտլիպն ու այլ քաղաքներ: Այդ ողջոյնը զուգադիպութիւն չէ, այլ` դիտաւորեալ, որովհետեւ նշեալ բոլոր քաղաքներն ալ Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած են: Խորհրդաժողովին հրաւիրուած միակ շիին էր Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքին, այդ ալ վստահաբար նախկին օսմանեան նահանգի մը վարչապետը ըլլալուն հանգամանքով: Ան մերժեց օսմանեան փառատօնին մասնակցիլ:
Պատահական չէր, որ Թուրքիոյ իշխող իսլամական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին նշանաբանն էր նշանակալից եւ մեկնաբանութեան չկարօտող «Մեծ ազգ, մեծ տէրութիւն, թիրախ 2023»-ը: Խորհրդաժողովի ընթացքին նաեւ հնչեց թուրք բանաստեղծ Աշըք Ֆայսալի երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը, որուն խորագիրն էր` «Մենք երկար եւ զգայուն ճամբու մը վրայ ենք»: Սակայն «Սուլթան» Էրտողանի ախորժակը այդքանով չէր կրնար բաւարարուիլ, այլ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին զուգադիպող թիրախ թուականէն անդին անցնելով, ան նաեւ նշեց երկրորդ թիրախ մը 2071-ը` 1000-ամեակը Մանազկերտի ճակատամարտին, երբ սելճուքները Ալփ Արսլանի հրամանատարութեան տակ պարտութեան մատնեցին բիւզանդացիները, գերեվարեցին անոնց կայսրը եւ Հայկական բարձրաւանդակը առին իրենց իշխանութեան տակ:
Օսմանեան փառատօնը եղաւ այն առիթը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ խորհրդանշական թուականներով ճշդուած ժամկէտներու հիմամբ հանգրուանային ծրագիր մը, որուն այժմ առաւել աշխուժ հանգրուանին ազդանշանը կու տայ սուրիական հողամասերը ռմբակոծող թրքական հրետանին:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print



