«Նոր Աւետարանացում»-ը Եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին
By adminx - Fri Oct 05, 7:16 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Շաբաթ, 8 սեպտեմբեր 2012-ին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, թեմի քահանաներու հետ հերթական ժողովի մը ընթացքին, յայտարարեց «Նոր աւետարանացում»-ի համար գրասենեակ ստեղծելու իր որոշումը, զուգահեռ «Հաւատքի տարուան», զոր սրբազան քահանայապետը հռչակեց եւ որուն ընթացքին կը գումարուի «Նոր աւետարանացում»-ի թեմայով սիւնհոդոսը, 7-28 հոկտեմբերին:
Այս նորաստեղծ գրասենեակին հիմնական նպատակը պիտի հանդիսանայ քրիստոնէական կազմաւորումը թեմին մէջ` եկեղեցական գիտելիքներու զարգացման ուղիով: Ան պիտի հետապնդէ քրիստոնէականի ուսուցումը ժողովրդապետութիւններուն, դպրոցներուն եւ թեմական ենթակառոյցներուն մէջ եւ Աստուծոյ խօսքին տարածումը համայն հաւատացեալներուն, մանաւանդ նոր սերունդին` արդիական միջոցներու օգտագործումով: Այս հոլովոյթը պիտի սատարէ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին հաւատքին հասունացման:
Նորաստեղծ գրասենեակի գործունէութեան շրջագիծին մէջ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կապի մէջ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետ շաբաթական հերթականութեամբ` անոնց տալով իմաստուն խորհրդածութիւններ` «Թուիթըր» ընկերային հաղորդամիջոցով (հասցէն` Nerses Bedros XIX):
Միաժամանակ, հայ կաթողիկէ երիտասարդներու համար բացուեցաւ յատուկ կայքէջ մը` youth.armeniancatholic.org, որուն նպատակն է հրաւիրել նոր սերունդը մասնակցելու հայ կաթողիկէ զանազան ձեռնարկներուն, ստեղծել սերտ կապեր Աստուծոյ ու իրարու միջեւ եւ այժմէական կերպով տեղեակ մնալ հայ կաթողիկէ երիտասարդական շարժումներու գործունէութիւններուն:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



