50 Տարի Առաջ ( 5 Հոկտեմբեր 1962 )
By adminx - Fri Oct 05, 5:31 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
Հայ Կեանք
«Մուսա Լերան 40 Օրերը»
Պաստառի Վրայ
Սան Ֆրանսիսքոյէն կը տեղեկացնեն, որ հռչակաւոր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» գործը այս ամառ Յունաստանի մէջ ժապաւէնի պիտի առնուի: Լուրը հաղորդած է «Սան Ֆրանսիսքօ Քրոնիքըլ» թերթը, ըստ որուն` ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարուհին պիտի ըլլայ Հենրի Ֆոնտային աղջիկը` Ճէյն Ֆոնտա:
Ասկից մօտ տարի ու կէս առաջ անգամ մը խօսուած էր «Մուսա Լերան 40 օրերու» շարժանկարի վերածուելու մասին: Այդ լուրը հաղորդուած էր «Նիւ Եորք Թայզմ»-ին կողմէ: Հոն կ՛ըսուէր, որ վէպը թատերգութեան պիտի վերածէ հռչակաւոր թատերագիր-արտադրիչ Քարլ Ֆորմեն, «Նաւորոնի թնդանօթները» պատերազմական շատ հետաքրքրական ժապաւէնին հեղինակը:
Քարլ Ֆորմէ, իր այս գործին համար արտադրիչ ընկերութենէն ՄԿՄ-էն պիտի ստանար 225 հազար տոլար եւ տասնորդ մը` ժապաւէնի հասոյթէն: Սպասենք ուրեմն, որ հայ կտրիճներուն քաջագործութիւնը պատմող այս միջազգային գրականութեան մէջ մտած վէպը շարժանկարի վերածուի:
25 տարի առաջ Հոլիվուտի ընկերութիւնները աճապարեցին այս գործը շարժանկարի վերածելու համար, սակայն թուրքերը արգելք հանդիսացան անոր` ամերիկեան կառավարութեան միջամտութիւններով:
Սակայն այս անգամ անկախ ընկերութիւն
մըն է այս ժապաւէնը, արտադրողը եւ յարմար վայրի մը Յունաստանի մէջ, ուր ասկէ երկու տարի առաջ պատրաստուած էր ուրիշ հակաթուրք ժապաւէն մը` Նիքոս Քազանծաքիսի «Քրիստոս վերախաչուած» գործը, ֆրանսական ընկերութեան մը կողմէ:
Ուիլիըմ Սարոյեանի
«Աղջիկները» Պրոտուէյի Վրայ
Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն .
Երկար բացակայութենէ մը ետք, Ուիլիըմ Սարոյեան կրկին կու գայ Պրոտուէյ: Իր նոր թատերգութիւնը կը կոչուի «Աղջիկները»: Մեր ստացած տեղեկութեանց համաձայն, հայազգի գրագէտը ինք պիտի ղեկավարէ իր այս նոր թատերգութեան բեմադրութիւնը:
Ֆիլիփ Հանսըն կը ներկայացնէ Ուիլըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ է» գործը առանձին կը վերականգնէ այս հոյակապ գործը ու բոլոր անձերը, որ մուտք գտած են Սարոյեանի գրքին մէջ: Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Պրուքլին աքատեմի աֆ միւզիք» սրահին մէջ:
Սարոյեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Քանտիտ քամերա» հեռատեսիլի յայտագրին, 3-4 վայրկեան տեւող գործ մը պատրաստած է այս յայտագրին համար:
Այս եղանակին համար միակ գործն է, զոր ան կը ներկայացնէ Նիւ Եորքի հեռատեսիլէն:
Տոմսեր
Քոզաքներու Հայրենադարձը
Երկու օր առաջ Պոլսէն հեռագիր մը կը յայտնէր քոզաքներու հայրենադարձը` Խ. Միութիւն: Այս քոզաքներուն պապերը, կ՛ըսէր նոյն լուրը, հարիւր տարի առաջ եկած են Թուրքիա, երբ Նիքոլա Ա. ցարը հրամայած էր անոնց ածիլել իրենց մօրուքները:
Հարիւրաւոր քոզաքներ մերժած էին հրաժարիլ իրենց պատկառելի աւանդական մօրուքներէն, զորս խնամած էին սերունդէ սերունդ: Յետոյ, առնելով իրենց ընտանիքներն ու մօրուքները, կը չուեն Թուրքիա:
Մարմարայի ափերուն վրայ, ձկնորսութեամբ եւ հողամշակութեամբ, մօտ հարիւր տարի կ՛ապրին` աճելով ու բազմանալով: Վերջերս, սակայն, այլասերման սպառնալիքը մինարէի պէս կը ցցուի իրենց առջեւ:
Տարիներու ընթացքին, ամուսնութիւններով թէեւ բազմացած, սակայն ի վերջոյ հազարի մօտ այդ ռուսերը մեծ մասով իրարու խնամի դարձած էին: Կարելի չէր այժմ ամուսնացնել իրենց զաւակները` առանց խախտելու քրիստոնէական եւ բարոյական կանոններ: Ու կ՛որոշեն վերադառնալ հայրենիք:
Լրագրող մը կը պատմէ քոզաք հայրենադարձ ղեկավարի մը հետ իր տեսակցութիւնը, հետեւեալ կերպով.
- Սիրելի պարոն քոզաք, իմացանք, որ Հայրենիք կը վերադառնաք: Ի՞նչ պատճառներէ մղուած որոշեցիք այս վերադարձը:
- Ամուսնական պատճառներով:
- Կրնա՞ք մանրամասնել, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, ամուսնական բազմաթիւ պատճառներ կան:
- Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը վտանգուած է այս օտար ափերուն վրայ: Այլասերումը կը սպառնայ, մանաւանդ` խառն ամուսնութիւններով: Չենք կրնար մեր զաւակները ամուսնացնել մեր ժողովուրդին մէջ, եւ պարզ է, որ օր մը պիտի կորսուինք, այն ալ` թրքական ծովուն մէջ…
- Եկեղեցի չունի՞ք` իբրեւ կարեւոր ազդակ ազգապահպանման:
- Ունինք, անունն ալ` Սուրբ Բանթելէիմոն (բազում ողորմ) է. սակայն, եթէ մեր տղաքը եւ աղջիկները թուրքերու հետ ամուսնանան, ո՞վ եկեղեցի պիտի երթայ…
- Քոզաք գրականութեան ապագային մասին չէ՞ք մտածեր: Գիտէք, թէ գրականութիւնը միայն ազատ պայմաններու մէջ կրնայ զարգանալ: Կենսական հարց է:
- Սիրելի՛ բարեկամ, ամուսնացնելիք վեց հատ աղջիկ ունիմ, եւ անոնց քոզաք ամուսին գտնելէն աւելի մեծ հարց չկայ ինծի համար:
- Ուրեմն, հայրենիք վերադառնալու համար պիտի հրաժարի՞ք նոյնիսկ ձեր մօրուքներէն, որոնք դարերէ ի վեր զարդարած են ձեր կզակները` աւանդութիւն դառնալով:
- Փեսացուներ ունինք, որոնք ոչ միայն իրենց մօրուքը, իրենց մազերն իսկ կորսնցուցած են, եւ տակաւին քոզաք հարսի մը նշոյլը չ՛երեւիր հորիզոնին վրայ: Ի՞նչ կ՛ըսէք:
Տեսակցութիւնը այստեղ կը վերջանայ, եւ քոզաք ղեկավարը կը խոստանայ, իր վեց աղջիկները հայրենիքի մէջ ամուսնացնելու պարագային, եօթն օր եօթը գիշեր հարսնիքի հրաւիրել, նաեւ` այս տողերուն ընթերցողները, անխտիր:
ԳԻՍԱՒՈՐ
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print



