Friday May 24, 2013

Ճատրակ. Հայաստանի Առաջին Խումբի Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ

By adminx - Thu Oct 04, 6:09 am

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Գորիսի մէջ աւարտած է Հայաստանի ճատրակի 73-րդ ախոյեանութեան առաջին խումբի ախոյեանութիւնը:

Վերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, միջազգային վարպետ Յովիկ Հայրապետեան յաղթելով Տիգրան Պետրոսեանին, ապահոված է 9 կէտ եւ բնականաբար գրաւած առաջին դիրքը:

Առաւելագոյն 13 կէտէն իր կարգին 9 կէտ ապահովելով 2-րդ դիրքը գրաւած է (լրացուցիչ ցուցանիշով) Ռոպերթ Աղասարեան:

Իսկ 3-րդ դիրքը գրաւած է կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան:

Այժմ վերոնշեալ երեք ճատրակ խաղացողները իրաւունք ստացան մասնակցելու Հայաստանի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունեայ 2013-ին:

Leave a Reply

Advertisement