Յառաջիկայ 11 Նոյեմբերին Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները
By adminx - Thu Oct 04, 6:07 am
- 0 Comments
- 0 views
- Tweet
Email
Print
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 11 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Մետիսըն» պանդոկին մէջ (Ժունիէ) տեղի պիտի ունենան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Նշուեցաւ, որ բոլոր այն անձերը, որոնք իրենց թեկնածութիւնը կ՛ուզեն առաջադրել, մինչեւ հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 17:00 պայմանաժամ մը ունին: Անոնք իրենց թեկնածութիւնը կրնան առաջադրել երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերէն սկսեալ` Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին, ստուգելէ ետք բոլոր թեկնածուներուն օրինական ըլլալը, այդ ցանկը պաշտօնապէս կը փոխանցէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:
Ժողովին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ թեկնածու ներկայանալիք անձը պէտք չէ մաս կազմէ որեւէ այլ ֆետերասիոնի:
Ատկէ բացի, իւրաքանչիւր միութեան կամ ակումբի ներկայացուցիչ (ներառեալ` նախագահը) յատուկ արտօնագիր մը պէտք է ունենայ, որպէսզի կարենայ մուտք գործել այն վայրը, ուր տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները:
Նշենք, որ քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունին չորս դասակարգերու 271 ակումբները:
- 0 Comments
- 0 views
- Tweet
Email
Print



