Thursday May 16, 2013

Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներկայիս Աննպատակայարմար Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին Օրինագիծի Քննարկումը

By adminx - Thu Oct 04, 8:00 am

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայիս աննպատակայարմար կը նկատէ ներկայացուած օրէնքի նախագիծի քննարկումն ու ընդունումը»:

Ասիկա Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին ներկայացուելիք եզրակացութեան նախագիծէն հատուած է, զոր պատրաստած է կառավարութիւնը Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» օրինագիծի վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Panorama.am լրատուական կայքէջը:

Նախագիծի քննարկումը ընդգրկուած է կառավարութեան այսօրուան նիստի օրակարգին մէջ: Եզրակացութեան նախագիծը տեղադրուած է կառավարութեան պաշտօնական էջին մէջ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ մօտ մէկ ամիս առաջ` 4 սեպտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեանը Ազգային ժողովին մէջ շրջանառութեան մէջ դրած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծը:

Խմբակցութեան մամլոյ ծառայութենէն պարզաբանած էին, որ օրէնքի ընդունումով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրաւամբ կը ճանչցուի Արցախի փաստացի կարգավիճակը` մեկնելով այն հանգամանքէն, որ Արցախի Հանրապետութիւնը լիարժէքօրէն կը բաւարարէ ինքնիշխան պետութեան համար սահմանուած միջազգային օրէնքի բոլոր նախապայմանները:

Leave a Reply

Advertisement