Անդրադառնալով Օսկանեանի Հարցին «Այս Ամբողջ Պատմութեան Անհեթեթութիւնը Հիասթափեցնող Է» Յայտարարեց Ռոպերթ Քոչարեան
By adminx - Thu Oct 04, 7:59 am
- 0 Comments
- 152 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարութիւն տարածած է Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին առիթով:
Յայտարարութեան մէջ կը կարդանք.
«Ուշադրութեամբ ծանօթացայ «գործ»-ի հրապարակուած նիւթերուն եւ չկրցայ գտնել գլխաւոր հարցին պատասխանը` ինչ գործ ունին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, դատախազութիւնն ու խորհրդարանը Ճոն Հանթսմանի, Վարդան Օսկանեանի եւ անոր հիմնադրած «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին բարի դրացիական յարաբերութիւններուն հետ:
«Ասիկա խորհրդարանի ինքնավարկաբեկման ցցուն դէպք է` երկրի վարկին հասցուած բացասական հետեւանքներով: Իսկ ատիկա ամենեւին այն չէ, ինչի կարիքը այսօր ունի Հայաստան: Վարդան Օսկանեանը ամէնէն յաջողակ նախարարներէն էր եւ իշխանութեան փորձութեան դիմացած հայ քաղաքական գործիչներէն մէկն է: Արդիւնաւէտ ու ազնիւ էր ինչպէս նախապէս` իշխանութեան մէջ, այնպէս ալ` հիմա: Բացառիկ արդարամիտ է, եւ ասիկա հազուադէպ որակ է մեր քաղաքական իրողութիւններուն մէջ: Այդպիսի որակներու եւ վաստակի համադրութիւն ունեցող մարդոց պէտք է փայփայել, այլ ոչ թէ հետապնդել, թէկուզ յանուն սեփական հեղինակութեան: Առաւել եւս, որ ան կը ներկայացնէ շատ լուրջ ընտրազանգուած ունեցող կուսակցութիւն:
«Այս ամբողջ պատմութեան անհեթեթութիւնը հիասթափեցնող է:
«Կը ցաւիմ կատարուածին համար եւ իմ համակրանքս եւ աջակցութիւնս կը յայտնեմ Վարդան Օսկանեանին»:
- 0 Comments
- 152 views
- Tweet
Email
Print



