Պաքու Միջազգային Հանրութեան «Վճռական Դիրքորոշում»-ին Կը Սպասէ
By adminx - Thu Oct 04, 7:57 am
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժինի վարիչ Նովրուզ Մամետով «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան կը սպասէ միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն, արտաքին գործոց նախարարներու վճռական դիրքորոշման ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով, որպէսզի անոնք վերաբերմունք արտայայտեն այդ հոլովոյթին նկատմամբ եւ ձեռնարկեն բանակցութիւններու հետագայ ընթացքին նպաստող անհրաժեշտ քայլեր:
Մամետով յայտնեց, որ տակաւին ճիշդ չէ խօսիլ այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւնները ամբողջովին դադրեցուած են:
Ան նշեց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ ամէն ամիս պէտք է տեղի ունենան համանախագահներու, արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու հանդիպումներ: Ըստ Մամետովի, աւելի կանուխ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին, ա՛լ աւելի կանուխ` համանախագահներուն հետ, նախագահ Իլհամ Ալիեւը` Եւրոպական Միութեան տուեալ հարցով ներկայացուցիչին հետ: Կան նաեւ այլ հանդիպումներ, որոնք հիմա տեղի կ՛ունենան: Ան աւելցուց, որ «ուղղակի հայկական կողմն է, որ պարբերաբար առիթ գտնելով, կը ցանկայ բանակցային հոլովոյթին ձգձգումը, անոր կրաւորական շարունակումը»:
Մամետով յայտարարեց, որ մէկ հարց պարզ է. թէ՛ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է հասկնան, որ տագնապը ուշ կամ կանուխ պէտք է արդարացի լուծում ստանայ: Ըստ անոր, այլ տարբերակ չկայ: «Այսինքն` ազրպէյճանական հողերը պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանին, ինչ որ մենք անպայման պիտի ապահովենք: Այլ կերպ չի ալ կրնար ըլլալ», յայտարարեց Մամետով:
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print




