Saturday May 25, 2013

Կառավարութիւնը Կազմեց Անյայտ Կորսուած Լիբանանցիներուն Յատուկ Ազգային Խորհուրդ Մը

By adminx - Thu Oct 04, 7:49 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 82 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ֆայեզ Ղոսըն, Ատնան Մանսուր, Նիքոլա Սահնաուի, Ալաէտտին Թըրրօ, Ֆայսալ Քարամէ եւ Սելիմ Քարամ:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին պետական հաստատութիւններու ոչ մէկ նշանակում կատարուեցաւ` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկրէն դուրս գտնուիլը:

Կառավարութիւնը յետաձգեց նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու գաղտնի լսումին վերաբերող օրէնքի թիւ 140 յօդուածը բարեփոխելու հարցով քննարկումը` նկատի ունենալով հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի բացակայութիւնը: Նշենք, որ Սահնաուի կ՛ընկերակցի նախագահ Սլէյմանի Արժանթին կատարած պաշտօնական այցելութեան:

Բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը կազմեց նախարարական յանձնախումբ մը, որուն կը նախագահէ վարչապետ Միքաթի եւ որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ քննարկել հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու գաղտնի լսումին վերաբերող օրէնքի թիւ 140 յօդուածը բարեփոխելու կարելիութիւնները:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան փոխանցեց Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան արդիւնքները. այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ անոր կեցուածքին նկատմամբ մեծ թիւով երկիրներ զօրակցութիւն ցուցաբերած են:

Վարչապետ Միքաթի ցաւ յայտնեց, որ ոմանք կը յամառին լիբանանեան բանակին դէմ գործել եւ զայն թիրախ դարձնել: Միքաթի խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ կատարուող բոլոր յայտարարութիւններն ու ցեխարձակումները` շեշտելով, որ զանոնք ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կ՛ակնկալէ, որ միջազգային զօրակցութիւն եւ ֆինանսաւորում կատարուի` յաջողցնելու համար բանակը զինելու Լիբանանի կառավարութեան ծրագիրը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ներկայացուց կառավարութեան տուած որոշումները, որոնց շրջագիծին մէջ ըսաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի նախագահութեամբ ազգային անկախ խորհուրդ մը ստեղծել անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն հարցով:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է երկու միլիառ եւ եօթը հարիւր եօթանասուն միլիոն տոլարի արժողութեամբ պետական գանձարկղի պարտատոմսեր հրապարակել, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ սկսիլ կրթական, բարձրագոյն ուսման եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ:

Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ չորս միլիառ տոլարի արժողութեամբ գումար տրամադրել` արդիականացնելու համար օդակայանի ռատարներուն դրութիւնը:

Տաուք ըսաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին տրամադրել գումարներ` նորոգելու համար Մայֆուքի ծրագիրը, Թրիփոլիի մայրուղին, Ռումիէի բանտը եւ իրականացնելու համար այլ ծրագիրներ:

Նշենք, որ նիստէն մեկնումի պահուն ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ ինք 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement