Friday May 24, 2013

Նախագահ Սլէյման Հասաւ Արժանթին

By adminx - Thu Oct 04, 7:47 am

Սեն Մարթինի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Արժանթինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան գաղութին հետ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սեն Մարթինի հրապարակին վրայ, ուր նաեւ կը գտնուի Սեն Մարթինի յուշարձանը, որուն նախագահ Սլէյման զետեղեց ծաղկեպսակ մը` արժանթինեան եւ լիբանանեան զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ:

Նախագահ Սլէյմանի Արժանթին կատարած այս այցելութիւնը 60 տարիէ ի վեր Լիբանանի նախագահի մը առաջին այցելութիւնն է` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ Քամիլ Շամուն 1954-ին այցելած էր Արժանթին:

Նախագահ Սլէյման այցելեց Ռիքոլիթա շրջանը, ուր կը գտնուի լիբանանցի բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի յուշարձանը:

Նախագահ Սլէյման ընդունուեցաւ Պուէնոս Այրէսի կառավարիչ Մաուրիսիօ Մաքրիի կողմէ, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց քաղաքին բանալին:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` շեշտելով, որ Լիբանանի համար արտերկրի լիբանանցիները հպարտութեան աղբիւր են:

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի անուան պարտէզին մէջ նախագահ Սլէյման տնկեց մայրիի ծառ մը` ներկայութեամբ Մար Մարոն դպրոցի աշակերտութեան, որուն մեծամասնութիւնը ծագումով լիբանանցի է:

Նշենք, որ Արժանթինի մէջ մէկուկէս միլիոն լիբանանցիներ կ՛ապրին:

Leave a Reply

Advertisement