Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Նիստին
By adminx - Thu Oct 04, 7:45 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ եւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Պաշիր:
Նիստէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ քննարկուեցան լիբանանեան պետութեան կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուելիք օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններուն ստանձնելիք աշխատանքներն ու պատասխանատուութիւնները:
Ապա վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի հետ, որ հանդիպումէն ետք նշեց, որ լիբանանեան պետական վարժարաններուն մէջ ցարդ արձանագրուած են շուրջ 10 հազար սուրիացի աշակերտներ: Ան աւելցուց նաեւ, որ պետականներուն կողքին լիբանանեան սեփական դպրոցները եւս կ՛ընդունին սուրիացի աշակերտներ, որոնք բոլորը կը հետեւին լիբանանեան կրթական ծրագիրին:
Տիապ շեշտեց, որ սուրիացի աշակերտներուն արձանագրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ յառաջիկայ 10 հոկտեմբեր, եւ եթէ կարիք զգացուի երկարաձգելու արձանագրութիւններու շրջանը, ապա այդ մէկը եւս նկատի պիտի առնուի:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Քըրթպաուի շեշտեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է արդարութեան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` պետական նշանակումները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, որ ընդգծեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է հանրային վայրերուն մէջ ծխելը արգիլող օրէնքը եւ անոր գործադրութեան վերաբերող հարցերը:
Ապպուտ ընդգծեց, որ իբրեւ գործադիր իշխանութիւն, կառավարութիւնը կը սպասէ ելեւմուտքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն տեղեկագիրներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ սերտել ձմեռնային դարատափերու (թերրաս) կարելիութիւնը` նկատի ունենալով, որ ձմեռնային հանգրուանը պիտի սկսի, իսկ ծխելը արգիլող օրէնքին փոփոխութեան ենթարկումը օրէնսդրական աշխատանք մըն է, որ ժամանակի կը կարօտի:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս:
Նշենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Քոնկօ` մասնակցելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




