Նապի Շիթի Մէջ Զէնքի Պահեստանոցի Մը Պայթումը Կը Խլէ Զոհեր
By adminx - Thu Oct 04, 7:44 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Պաալպեքի Նապի Շիթ շրջանին մէջ գտնուող զէնքի պահեստանոցի մը մէջ արձանագրուեցաւ պայթում մը, որ խլեց զոհեր եւ պատճառեց նիւթական վնասներ:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Նապի Շիթի մէջ տեղի ունեցած պայթումը պատահած է այնպիսի պահեստանոցի մը մէջ, ուր կը պահուին հին ռումբեր եւ շրջանին դէմ իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծումներէն մնացած ռումբեր:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Նապի Շիթի պայթումը Հըզպալլայի մարտիկներուն շարքերէն խլած է երեք զոհեր եւ պատճառած վիրաւորներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հըզպալլա պատկան մարմիններուն եւ պատասխանատուներուն հետ կը գործակցի` լուծելու համար այս արկածին հետեւանքները:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print



