«Պէտք Է Բոլորը Բանակցութեան Սեղան Նստին Եւ Խաղաղ Երկխօսութեան Սկսին» Կ՛ըսէ Լաւրով
By adminx - Thu Oct 04, 7:28 am
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելը ամրագրուած է ՄԱԿ-ի ուխտին մէջ եւ այդ սկզբունքը ոչ թէ Ռուսիոյ սիրոյն պէտք է յարգուի, այլ որովհետեւ միջազգային օրէնքին մէջ հիմնական սկզբունք է:
Ան ըսաւ, որ պէտք է դադրիլ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը գրգռելէ եւ դադրեցնել զինեալ բախումները, որոնք, ըստ երեւոյթին, ոմանք «կը փափաքին, որ շարունակուին», մինչեւ որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալեն` շեշտելով, որ «պէտք է բոլորը բանակցութեան սեղան նստին եւ խաղաղ երկխօսութեան սկսին»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամալ Ամրօ յայտնեց, որ «Եգիպտոսի կազմած եւ Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն եւ Իրանէն բաղկացած աշխատանքային քառեակի խմբակի ծիրին մէջ Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան անխուսափելիութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»` նշելով, որ «տարակարծութիւնը այդ փոփոխութեան հասնելու ձեւին մէջ է»:
Ան ըսաւ, որ Եգիպտոս աշխուժ կերպով կ՛աշխատի քառեակին մէջ տեսակէտները իրարու մօտեցնելու` նշելով, որ «Միացեալ Նահանգներ այս նախաձեռնութեան մէջ մեզի չզօրակցեցաւ»:
Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «սուրիական վարչակարգին զինուորական որեւէ օժանդակութիւն ուղարկելը սպանութեան մասնակցութիւն է, իսկ անոր որեւէ քաղաքական աջակցութիւն կը նպաստէ տագնապի երկարաձգման»:
Ան ընդգծեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ որեւէ պայմանի տակ չի կրնար յառաջիկայ որեւէ բանակցութեանց մասնակից ըլլալ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր դէպի Սուրիա զինուորական ներխուժում կազմակերպելու, այլ` սուրիական ընդդիմութեան միայն ոչ զինուորական աջակցութիւն կը տրամադրեն:
Սուրիոյ մէջ Արդարութեան եւ բարգաւաճման համար ազգային երիտասարդութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պրուին Իպրահիմ լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջին յայտնեց, որ Քամիշլիի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ականահարումը սալաֆական ահաբեկչութեան մատնահետքերը կը կրէ եւ անոր նպատակը քիւրտերը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն մէջ ներքաշելն էր:
Ապահովական գետնի վրայ, երէկ առաւօտեան Հալէպի Ապտալլա Ճապըրի հրապարակին վրայ ականուած երկու ինքնաշարժներ պայթեցան: Թիրախը նախկին սպայից ակումբն էր: Աւելի ուշ այլ պայթում մը տեղի ունեցաւ Պապ Ճընէյնի մէջ` Ամիր պանդոկին մօտ: Ականահարումները պատճառեցին շուրջ 40 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print




