Wednesday Jun 19, 2013

Քլինթըն Կը Խոստանայ Պենկազիի Ամերիկեան Հիւպատոսարանին Դէմ Կատարուած Յարձակումին Պայմանները Բացայայտել

By adminx - Thu Oct 04, 7:27 am

Հիլըրի Քլինթըն

Պատասխանելով հանրապետական քոնկրեսականի մը այն նամակին, թէ 11 սեպտեմբեր 2012-ին Լիպիոյ Պենկազի քաղաքի ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումին նախօրեակին ապահովական միջոցառումները բաւարար չէին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խոստացաւ հիւպատոսարանին շուրջ ապահովական պայմանները բացայայտել:

Քալիֆորնիայէն հանրապետական ներկայացուցիչ Տարիլ Իսա իր նամակին մէջ գրած էր, որ «դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնատարներէն շատեր հաստատեցին, որ Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնը, 11 սեպտեմբերի յարձակումէն առաջ բազմիցս Պենկազիի մէջ ապահովութիւն ամրապնդել պահանջած է»` աւելցնելով, որ «սակայն Ուաշինկթըն յաւելեալ միջոցներ տրամադրելու այդ պահանջին չընդառաջեց»:

Իսա կոչ ուղղեց 10 հոկտեմբերին Ներկայացուցչական տան մէջ այս հարցին շուրջ հարցապնդման նիստ մը գումարելու:

Քլինթըն երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ լրագրողներուն ցրուուած նամակին մէջ անմիջապէս պատասխանեց քոնկրեսին` վստահեցնելով, որ վարչակազմը անոր հետ «կը գործակցի»:

Քլինթըն իր նամակին մէջ կը գրէ, որ «երկուքս ալ կ՛ուզենք նոյն արդիւնքը` տեղի ունեցածին ամբողջական ու ճշգրիտ պատկերը եւ անոր կրկնութենէն խուսափելու միջոցը»:

 

Leave a Reply

Advertisement