Saturday May 25, 2013

Հիւսիսային Կիպրոսի Ղեկավարը Նիկոսիան Կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը Կիպրական Հարցին Մէջ Ներքաշելու Յանցանքով

By adminx - Thu Oct 04, 7:26 am

Տերվիշ Էրօղլու

Այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ Տերվիշ Էրօղլու Կիպրոսի իշխանութիւնները ամբաստանեց «խաղեր խաղալու եւ Իսրայէլը կիպրական հարցին մէջ ներքաշելու յանցանքով, ինչ որ շրջանին մէջ լարուածութիւնը կը բարձրացնէ»:

Ան մերժեց Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի` Կիպրոսի կղզին վերամիացնելու բանակցութեանց վերադառնալու հրաւէրը, «որովհետեւ վերջինս փետրուարին իր պաշտօնէն պիտի հեռանայ, եւ պէտք է անոր յաջորդին հետ բանակցինք»:

Էրօղլու պաշտպանեց կղզիին վրայ թրքական զինուորական ներկայութիւնը, զոր Խրիսթոֆիաս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին անցեալ շաբաթ իր արտասանած խօսքին մէջ «բռնագրաւում» կոչած էր: Էրօղլու նաեւ վստահեցուց, որ «թրքական ներկայութիւնը խաղաղութեան պահպանութեան համար է»:

Ան ընդգծեց, որ «թուրք զինուորները մասնատուած կղզիին վրայ պիտի մնան, մինչեւ որ կիպրական հարցը լուծումի մը հասնի»:

Leave a Reply

Advertisement