Tuesday May 21, 2013

Ըստ Հարցախոյզի Մը Ամերիկացիներուն Մեծամասնութիւնը Կը Նախընտրէ, Որ Իշխանութիւնը Մէկ Կուսակցութեան Ձեռքը Ըլլայ

By adminx - Thu Oct 04, 7:25 am

Օպամա եւ Ռոմնի

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի եւ «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ ամերիկացիներուն 52 առ հարիւրը կը նախընտրէ, որ 6 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն ետք մէկ կուսակցութիւն տիրէ քոնկրեսին եւ Սպիտակ տան:

Նշենք, որ անցեալ դարու 80-ական թուականներու կէսէն ի վեր ասիկա առաջին անգամն է, որ  ամերիկացի քուէարկողները Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանութիւնը միայն մէկ կուսակցութեան ձեռքը ըլլալու գաղափարին կը զօրակցին:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն 39 առ հարիւրը կը շարունակեն նախընտրել, որ իշխանութեան բաժնեկցութիւն ըլլայ:

Հարցախոյզին մասնակցած են հազար քուէարկողներ:

 

Leave a Reply

Advertisement