Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Համաշխարհային Տնտեսութեան Համար Ճափոն – Չինաստան Հաշտութիւնը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ
By adminx - Thu Oct 04, 7:21 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավար Քրիսթիան Լակարտ Միջազգային տնտեսութեան կայունութեան ու բարեկեցութեան համար Ճափոնի եւ Չինաստանի շուտափոյթ հաշտեցումը անհրաժեշտ կը նկատէ:
Վերջին շրջանին երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները վատթարանալու սկսած են Սինքաքու (չինական անուանումը` Տիաոյուտաօ) կղզիներուն շուրջ վէճին պատճառով:
«Ե՛ւ Ճափոնը, ե՛ւ Չինաստանը տնտեսական կարեւոր դերակատարներ են: Եւ համաշխարհային տնտեսութիւնը, որ այժմ ծանր ժամանակներ կ՛ապրի, այս երկու երկիրներուն կարիքը ունի», Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է Լակարտ: Ան կողմերուն յարաբերութիւններու շուտափոյթ կարգաւորման կոչ ուղղած է:
Անդրադառնալով Եւրոյի գօտիի ճգնաժամի նիւթին` Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավարը ըսած է, որ հակառակ կատարուած աշխատանքին, տակաւին շատ ընելիք կայ:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




