Գաղութէ – Գաղութ
By adminx - Thu Oct 04, 5:34 am
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Անկախութեան 21-րդ
Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Թեհրան
21 սեպտեմբերին Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ հարկ է ուխտել եւ յանձնառու ըլլալ, նաեւ ապացուցել մեր պարտաւորութիւնը` անկախութեան նկատմամբ:
Մոսկուա
Սեպտեմբեր 21-ին Մոսկուայի «Ռընեսանս Մոնարխ» համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան տարիներու նուաճումներուն` նշելով, որ Հայաստան այսօր դարձած է միջազգային հանրութեան վստահելի անդամ:
Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Իկոր Մարկուլով իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայ-ռուսական ռազմավարական եւ դաշնակցային յարաբերութիւնները բարձր գնահատելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը` շեշտելով երկու պետութիւններու սերտ համագործակցութիւնը տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներուն մէջ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ համերգ եւ հայ ժամանակակից նկարիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէս:
Պիելոռուսիա
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Արտասահմանեան երկրներու հետ բարեկամութեան-մշակութային կապերու պիելոռուսական ընկերութեան, 13 սեպտեմբերին Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան մէջ նշուեցաւ, Հայաստանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձը:
Ելոյթ ունեցաւ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեան, Արտասահմանեան երկրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու պիելոռուսական ընկերութեան նախագահ Ն. Իվանովա, Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ միջխորհրդարանական համագործակցութեան եւ բարեկամութեան խումբի անդամ, Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներու պալատի երեսփոխան Կ. Եուրկիլեւիչ:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին պատմող վաւերագրական տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր:
* Կազմակերպութեամբ Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 21 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:
Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան 21-ամեայ ուղին: Ան բարձր գնահատեց հայ-պիելոռուսական յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ «Էրեբունի» պարի համոյթը:
Քուէյթ
Սեպտեմբեր 19-ին Քուէյթի «Մարինա» պանդոկի «Սալուա Սապահ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը: Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստան – Քուէյթ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, խօսեցաւ Քուէյթի պետութեան հետ փոխգործակցութեան խորացման հեռանկարներուն, ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ բարձր գնահատեց քուէյթահայ համայնքին դերը երկու երկրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ այս առիթով պատրաստուած տեսերիզ մը: Տեղի ունեցաւ նաեւ ժամանակակից հայ արուեստի ստեղծագործութիւնները ներկայացնող ցուցահանդէս:
Պելճիքա
Նախաձեռնութեամբ «ԱՐԴԻԱ» հասարակական կազմակերպութեան, մասնակցութեամբ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան: 22 սեպտեմբերին Անտվերպեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ես հայ եմ, ես հայ եմ» խորագրով փառատօն: Ձեռնարկին առաջին բաժինը` գիտաժողովը, նուիրուած էր հայու ինքնութեան բնորոշ յատկանիշներուն եւ ներկայ հարցերուն: Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովուապետ Զատիկ վրդ. Աւետիքեան, «ԱՐԴԻԱ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սերգէյ Վարդանեան, Հոլանտայի «Աբովեան» մշակութային կեդրոնի նախագահ Մաթօ Հախվերթեան եւ ուրիշներ:
Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան ազգային ինքնութեան պահպանման, հայրենիք-սփիւռք կապերուն, ինչպէս նաեւ` սփիւռքահայութիւնը յուզող այլ հարցերու:
Գիտաժողովին յաջորդեց մշակութային փառատօնը` երգի-պարի համոյթներու, հայ արուեստագետներու-անհատ կատարողներու մասնակցութեամբ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Արսէն Յակոբեանի հեղինակած «Արարատից Եւրոպա» փաստապատմագրական ժապաւէնը:
Չեխիա
Սեպտեմբեր 21-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան եւ ծերակուտական Եարոմիր Շթեթինա: Դեսպանը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան անցնող 21-ամեայ ուղին, անցեալի եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները: Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ-չեխական յարաբերութիւններուն եւ անոնց հեռանկարներուն, Հայաստանի կառավարութեան եւրոպական օրակարգին, ինչպէս նաեւ` Չեխիոյ հայ համայնքի: Ծերակուտական Եարոմիր Շթեթինա իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը, նաեւ Չեխիոյ հայ համայնքը` անկախութեան առթիւ: Տեղի ունեցաւ նաեւ ցուցահանդէս:
Դանիա
Սեպտեմբեր 20-ին Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ անկախութենէն ետք ստեղծուած ծանր պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ պատրաստ է դիմագրաւելու մարտահրաւէրները:
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ համերգ` մասնակցութեամբ հայ եւ դանիացի երաժիշտներու, որոնք ներկայացուցին հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան ճազային մշակումներ:
Սպանիա
Կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան, 22 սեպտեմբերին «Հայ տուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց միութեան նախագահ Սեւատա Սահակեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն: Միութեան անդամներէն Տաթեւ Սուլեան համակարգիչի միջոցով ներկայացուց հայկական թագաւորութիւններու ու հանրապետութիւններու մասին քարտէսներ, նկարներ, կարեւոր դէպքեր եւ թիւեր: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Խորհրդային Հայաստանի վերջին տարիները, անկախութեան ժամանակագրութիւն, արցախեան խնդիրն ու այլ դէպքերը:
Զրոյցի աւարտին խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Սպանիոյ պատուաւոր հիւպատոս Խուան Խոսէ Սանմարտին Խիլ եւ Սպանիոյ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Սասուն վրդ. Զմրուխտեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Լոնտոն
Սեպտեմբեր 22-ին Լոնտոնի Ս. Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ:
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Կարինէ Ղազինեան եւ ԲՀԵԽ նախագահ Արա Փալամուդեան: Տոքթ. Ներսէս Ներսէսեան կարդաց հայկական մշակոյթի եւ մատենագրութեան վերաբերեալ գրութիւն մը: Օրհնութեան խօսք արտասանեց նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Լոնտոնի եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեան:
Ցուցադրուեցաւ «Մատենադարան» վաւերագրական ժապաւէնէն հատուած մը:
Պելկրատ
Սեպտեմբեր 20-ին Պելկրատի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Սերպիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ նոր նշանակուած Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Փրետրակ Թոմիչ:
Չինաստան
21 սեպտեմբերին Չինաստանի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Արմէն Սարգսեան:
Էսթոնիա
25 սեպտեբերին Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Էսթոնիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեան ներկայացուց պետականաշինութեան գործին մէջ Հայաստանի անցած ուղղին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայ-էսթոնական միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Սպտեմբեր 21-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Քլիվլենտ քաղաքի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Քլիվլենտի քաղաքապետ Ֆրենք Ճեքսըն իր ելոյթին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-ամեակի կապակցութեամբ ընդունուած հռչակագիրին, որուն մէջ նշուած է, թէ Հայաստանը, ըլլալով առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հիմնած է Հայաստանի առաջին ժողովրդավարական հանրապետութիւնը, իսկ 1991-ին սեպտեմբերի 21-ին, առանց որեւէ արտաքին ուժի միջամտութեան, վերականգնած է իր անկախութիւնը: Հռչակագիրը նաեւ բարձր կը գնահատէ այն փաստը, որ Հայաստանը դարձած է ամուր միջազգային կապեր ունեցող բարգաւաճ, խաղաղ եւ անվտանգ երկիր, ինչպէս նաեւ պաշտպանած է Լեռնային Ղարաբաղի ազատութիւնը:
Քանատա
Սեպտեմբեր 21-ին Օթաուայի քաղաքապետարանին դիմաց սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնները:
Օթաուայի համալսարանի «Թապարէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ:
Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը հայ-քանատական յարաբերութիւններուն` նշելով, որ Քանատայի նման բարեկամական պետութիւններու զօրակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեր երկրին համար: Ան նաեւ ընդգծեց սփիւռքին դերը Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Այս առիթով տեղի ունեցան համերգներ` Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:
Ռումանիա
Հայաստանի Ազգային Տօնին Եւ Հայ
Գրատպութեան 500-Ամեակին Նուիրուած
Ձեռնարկներ
Սեպտեմբեր 21ին, Պուքրեշի Հայոց մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Ներկայացուած էին Ռումանիոյ մէջ հայ գրատպութեան պատմութեան, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ գրականութեան զարգացման մէջ հայերու ունեցած ներդրումը: Նոյն օրը հայ գիրքը ներկայացուեցաւ նաեւ Պուքրեշի Քարոլ Ա.-ի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ բացուած «Սթրատա տէ Կ՛Արտէ» գիրքի մէկ շաբթուան փառատօնին, ուր Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան», Վազգէն վեհափառի Աւետարանի, «Ուրբաթագիրքի», «Մատեան գիտութեան և հաւատոյ» եւ Թէոդիկի «Տիպ եւ տառ» բարձրարժէք գիրքերու շարքին ցուցադրուած էին Ռումանիոյ մէջ հրատարակուած հայերէն, ռումաներէն եւ հունգարերէն հրատարակութիւններ:
Բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան, որ բարձր գնահատեց Ռումանիոյ արտաքին գործերու եւ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ ազգային ժառանգութեան նախարարութիւններու պատրաստակամութիւնը, յառաջիկայ տարի Ռումանիոյ մէջ կազմակերպելու ռումանահայ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած գիտական ու մշակութային ձեռնարկներ: Խօսք առաւ նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Վալերիու Զկոնեա: Այնուհետեւ ռումանահայ յայտնի պետական-քաղաքական գործիչ, գրող, Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց հայերու անցած ուղին Ռումանիոյ մէջ: Օրուան բանախօս ակադեմիկոս Էուճեն Սիմիոն նշեց, որ հայերը Ռումանիոյ զարգացման մէջ ունեցած են ներդրում եւ տակաւին ունին:
Սեպտեմբեր 14-ին, «Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք»-ի շրջագիծէն ներս, Քոնսթանցայի մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` մասնակցութեամբ ռումանահայ գրող եւ հրապարակախօս Պետրոս Խորասանճեանի:
Հայաստանի անկախութեան օրուան կապակցութեամբ, դեսպան Գասպարեանի ստորագրութեամբ, 12 սեպտեմբերին լոյս տեսաւ յօդուած մը Պուքրեշի «Նայն Օքլաք» անգլերէն օրաթերթին մէջ: Հայաստանի դեսպանը հարցազրոյցներ տուաւ նաեւ ռումանական հեռատեսիլէն:
Հայկական Մշակոյթի Օրեր
Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ Ռումանիոյ Գիւղի թանգարանին մէջ սկսաւ Հայկական մշակոյթի օրեր ձեռնարկը: Ներկայացուեցան հայկական աւանդութիւններ, սովորութիւններ, արհեստներու եւ խոհանոցի ցուցադրումներ, գեղանկարչական եւ լուսանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսներ, պար, երգ, զարդարուեստ, գեղագրութիւն, բանախօսութիւններ եւ այլն:
Աւստրալիա
Աւստրալիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի
Առաջնորդ Աղան Արք. Պալիոզեան Վախճանեցաւ
Սեպտեմբեր 22-ին, Սիտնիի մէջ 66 տարեկանին վախճանեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Աղան արք. Պալիոզեանը, սիրտի տագնապի մը պատճառով:
Աղան արք. Պալիոզեան (աւազանի անունով` Եղիա) ծնած է 1946-ին, Հալէպ: Աւարտելէ ետք Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, 1966-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ
1968-ին` աբեղայ: 1971-ին ստացած է վարդապետական աստիճան: 1981-ին նշանակուած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ: Իսկ 1982-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս:
Պատրաստեց՝
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print














