Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Դպրոցականներուն Մղձաւանջը` Տնային Պարտականութիւնները
By adminx - Thu Oct 04, 5:32 am
- 0 Comments
- 185 views
- Tweet
Email
Print
Տնային պարտականութիւններուն համար դժկամող երեխաներուն թիւը շատ մեծ է: Մեր օրերուն դպրոցականներուն մեծագոյն մղձաւանջը բանաւոր, բայց մանաւանդ գրաւոր տնային պարտականութիւններն են, զորս անոնք պէտք է կատարեն երկար եւ ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին:
Շատ մը տուներէ ներս երեկոյեան ժամերը կը վերածուին դժոխքի, երբ ծայր կ՛առնեն վէճերն ու մեղադրանքները մէկ կողմէն յոգնած եւ աշխատիլ մերժող մանուկին, իսկ միւս կողմէ` խստապահանջ ծնողին միջեւ:
Տնային աշխատանքներու գծով իւրաքանչիւր ծնող ձեւ մը որդեգրած է. ձեզի կը մնայ լաւ ճանչնալ ձեր զաւակը եւ ընտրել համապատասխան աշխատանքի ձեւ:
Կարգ մը տուներու մէջ դպրոցականները իրենց տնային պարտականութիւններուն կը սկսին տուն մտնելէ անմիջապէս ետք, մանաւանդ եթէ անձնական ուսուցիչ ունին եւ ժամանակը չափուած-ձեւուած է… Ուրիշ տուներու մէջ դպրոցականը պատառ մը բան կ՛ուտէ եւ ապա դասի կը նստի:
Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր որդեգրած ձեւը, մանկավարժներ կը թելադրեն կարճ դադար մը տալ երեխային` նախքան դասերուն սկսիլը, պայմանաւ որ այդ դադարը չընդգրկէ հեռատեսիլ, համակարգիչ կամ վիտէօ-խաղեր:
Յարմար Վայրը
Մանկավարժներու կարծիքով, երեխան պէտք է անձամբ ընտրէ դասերն ու պարտականութիւնները կատարելու յարմարաւէտ վայրն ու դիրքը: Այդ վայրը կրնայ ըլլալ տան որեւէ մէկ անկիւնը, սովորական սեղանի մը առջեւ եւ նոյնիսկ… գետինը: Պէտք է յարգել անոր նախասիրութիւնը, պայմանաւ որ շուրջը չըլլան կեդրոնացումը խանգարող պատկերասփիւռը, խաղալիքներ եւ այլն…
Վազվզող ու աղմկող մանուկները, բայց նաեւ դաս սորվող երեխային մօտ կատարուող մեծերու խօսակցութիւնները բաւարար պատճառներ են, որ անոր ուշադրութիւնը շեղի ու ցրուի:
ՏՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Որպէս ծնող, ձեր զաւկին առաջին իսկ շաբաթէն բացատրեցէք, թէ տնային պարտականութիւնները կ՛ամրապնդեն այն բացատրութիւնները, զորս ինք սորված է դպրոցը:
Տնային պարտականութիւններու քանակին գծով երբեք մեղսակից մի՛ ըլլաք ձեր զաւկին հետ, իրաւունք մի՛ տաք անոր, մի՛ քննադատէք ո՛չ ուսուցիչը եւ ո՛չ ալ դպրոցը: Երբ նկատէք, որ տնային պարտականութիւններու քանակը իսկապէս շատ է եւ յաճախ երեւոյթը կը կրկնուի, դիմեցէք դպրոց եւ ձեր դժգոհութիւնը փոխանցեցէք բաժնի պատասխանատուին, կրթական պատասխանատուին եւ այլն…
Ձեր յոգնած երեխային խղճալով` երբեք անոր փոխարէն պարտականութիւն չկատարէք, ոչ ալ բոլորովին լքէք կամ անտեսէք: Եղէք մնայուն ներկայութիւն` դասի ժամերուն, միջամտեցէք, երբ ձեր օգնութեան դիմէ:
Ձեր Աշխատավայրը Ձեր Հայելին Է
Հոգեբաններու կարծիքով, գրասենեակի մը մէջ առկայ իրերը կրնան շատ բան յուշել տիրող խառնուածքին մասին:
Սովորաբար կնոջ գրասեղանին վրայ, բացի համակարգիչէն եւ գործնական, անհրաժեշտ իրերէն, կարելի է գտնել գեղօրներ, ասդին-անդին տարածուած թուղթեր, ընտանեկան լուսանկարներ եւ նոյնիսկ շպարի վերաբերող իրեր:
Սկսինք համակարգիչէն: Ոչ կոկիկ, այսինքն փոշոտ ու աղտոտ ստեղնաշարն ու պաստառը կը յուշեն կնոջ անփութութեան եւ անպատասխանատուութեան մասին: Այդպիսի աշխատակիցին դժուար թէ պատասխանատու գործ կամ պաշտօն յանձնուի:
Աշխատանքի սեղանին խառնաշփոթութիւնը կը վկայէ տիրոջ թափթփածութեան եւ անկազմակերպութեան մասին, որքան որ ալ ան ինքզինք արդարացնէ` ըսելով, որ` «Ասիկա իմ տարածքս է, ես գիտեմ, թէ ի՛նչը ուր եւ ինչպէ՛ս դրուած է»:
Հոգեբաններու կարծիքով, յուզականութեամբ օժտուած աշխատակիցներու սեղանին կարելի է մշտապէս գտնել յուշանուէրներ, բացիկներ, լուսանկարներ: Այսպիսի մարդիկ վստահելի եւ աչալուրջ աշխատակիցներ են: Միակ բացասական բնաւորութեան գիծը չափազանցուած յուզականութիւնն է:
Ոչ արհեստավարժ մօտեցում է, երբ կնոջ աշխատանքի սեղանին կը յայտնուին շպարի իրեր, նորաձեւութեան շաբաթաթերթեր կամ ուտելիքներ: Առաջին երկուքը կը յուշեն, որ ան ուշադրութեան կարիք ունի կամ կը ցանկայ գրաւել ոեւէ մէկուն ուշադրութիւնը:
Կարեւոր է նշել, որ պէտք չէ աշխատանքի սեղանին զետեղել կրօնի վերաբերող իրեր (խաչ, սրբանկար եւ այլն…), անշուշտ եթէ եկեղեցական կառոյցի մէջ աշխատող չէք: Սովորաբար նախընտրելի է աշխատանքի սեղանին վրայ գտնուին տուեալ աշխատանքին վերաբերող իրեր:
Գնումի Մոլիները
Ճիշդ վճիռներ, կայացնելը, խելացի քայլեր կատարելը բնորոշ է գիտակից ու հասուն մարդոց: Իրավիճակը ա՛լ աւելի կը բարդանայ, երբ գնումի մոլին եւ մսխողը ոչ թէ տղամարդը, այլ տան կինը` տնտեսուհին է, որուն վստահուած է տնտեսելու եւ խնայելու առաքելութիւնը:
Հոգեբանութեան մէջ գոյութիւն ունի լատիներէն «օնիոմանիա» բառը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ խելագարութիւն` գնումի համար: Այդ մոլութիւնը ունեցող մարդոց համար գնում կատարելը դարձած է ե՛ւ հետաքրքրութիւն, ե՛ւ զբաղում, անկախ անկէ, որ անհրաժե՞շտ է այդ իրը գնելը, թէ՞ ոչ:
Շոփոքոլիզմը, այսինքն` գնելու մոլութիւնը, առաւելաբար տարածուած է կիներուն մօտ, թիրախ են բոլոր անոնք, որոնք սիրոյ եւ ուշադրութեան պակասէ կը տառապին կամ չափազանց առանձին կը զգան: Շոփոքոլիզմը զարգանալու պարագային իսկական աղէտի կրնայ վերածուիլ, քանի որ խնդրոյ առարկայ անձը կը գնէ ոչ ըստ պահանջի, այլ` պարզապէս չկարենալով զսպել գնում կատարելու իր ցանկութիւնը:
Հոգեբաններու կարծիքով, կարելի է դիմել դիւրին եւ գործնական միջոցներու, եթէ շոփոքոլիզմը հիւանդագին փուլին մէջ չէ:
- Գնումի երթալու ատեն ընտրել ճիշդ եւ անկեղծ ուղեկից մը, որ տեղին միջամտէ, խորհուրդ տայ, օգնէ:
- Նախքան շուկայ երթալը` գնումներու ցուցակ կազմել, իսկ խանութներէն գնել մի միայն ցուցակին վրայ նշուածները:
- Խուսափիլ յաճախ շուկայ երթալէ, այդ ժամանակը տրամադրել մարզանքի, բարեկամուհիի մը այցելութեան, ցուցասրահի մը այցելութեան, միութենական կեանքի եւ այլն:
- Դրամապանակին մէջ որոշ գումարէ մը աւելի չվերցնել` փորձութեան չենթարկուելու համար:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
1
Եթէ տունը շուն կամ կատու ունիք, եւ անոնք կը վնասեն ձեր բոյսերուն, հողին մէջ կասիայի ցպիկներ դրէք կամ հողին երեսին` կիտրոնի չոր կեղեւներ:
2
Ծխախոտին հոտը չէզոքացնելու համար հիւրասենեակին տարբեր անկիւնները մէկական վառած մոմ զետեղեցէք, իսկ մոմերուն վրայ մէկական կաթիլ անուշահոտ աւելցուցէք, որպէսզի հիւրասենեակը անուշ բուրէ:
3
Եթէ ձեր բրդեղէններուն թեւերուն ծայրամասերը լայնցած են, այդ բաժինները մխրճեցէք տաք ջուրի մէջ, թեթեւօրէն քամեցէք, ապա չորցուցէք մազի սեշուարով:
4
Որպէսզի ձեր լոգարանը տեւաբար փայլի եւ նոյն ատեն հականեխուի, շաբաթը անգամ մը մաքրեցէք տաք քացախով, որուն կէս առ կէս համեմատութեամբ տաք ջուր աւելցուցած ըլլաք:
5
Եթէ սմբուկը լեղի է, նախքան եփելը` կտրտեցէք եւ քարաղի մէջ պահեցէք շուրջ մէկ ժամ: Աւելի լաւ արդիւնքի կը հասնիք, եթէ վրան քիչ մը հեղուկ կաթ աւելցնէք:
6
Բացուած գինիի շիշի խցանը դժուար կը տեղաւորուի: Խցանը քանի մը վայրկեան ձգեցէք եռացած ջուրի մէջ, ապա առանց դժուարութեան գոցեցէք շիշին բերանը:
7
Որպէսզի գետնախնձորները չծլարձակին, անոնց հետ դրէք մէկ կամ երկու խնձոր:
8
Խոհանոցը գեղեցիկ տեսք եւ մանաւանդ մաքուր օդ կ՛ունենայ, եթէ փոքրիկ թաղարներու մէջ բոյսեր աճեցնէ՛ք:
Խոհագիր
Ծիրանով Բալուզա
Բաղադրութիւն
- 3 գաւաթ կաթ
- 1 գաւաթ թարմ սեր (Fresh Cream)
- 5 ապուրի դգալ նշայ (cornflour) եւ 1/2 գաւաթ պաղ կաթ
- 8 ապուրի դգալ շաքար
- 250 կ. ծիրանով պեսթիլ
- 3 գաւաթ գաղջ ջուր եւ 2 ապուրի դգալ նշայ
- 1 թէյի դգալ վարդի ջուր
- 1 թէյի դգալ ծաղիկի ջուր
- Պաղ շաքար-ջուր
- Մանրուած պիստակ, ծիրանի կէսեր, կեղուըւած նուշ` զարդարանքի համար:
Պատրաստութիւն
1.- Տաքցնել կաթը, սերը եւ շաքարը պոյտին մէջ (քասերօլ):
2.- Լուծել նշան պաղ կաթին հետ, աւելցնել վերոնշեալ խառնուրդին եւ եփել միասին` ստանալու համար քասթըրտի նման պատրաստութիւն մը: Աւելցնել վարդի եւ ծաղիկի ջուրը: Պարպել ստացուած պատրաստութիւնը թափանցիկ փայրէքս ամանի մէջ եւ մէկդի ձգել, որ պաղի:
3.- Թրջել ծիրանով պեսթիլը գաղջ ջուրին մէջ 4-6 ժամ կամ պաղ ջուրին մէջ ամբողջ գիշեր, ստանալու համար թանձր թացանի ամբողջութիւն մը, քամոցէ անցընել:
4.- Լուծել 2 ապուրի դգալ նշան քիչ մը ջուրով:
5.- Տաքցնել կրակին վրայ ծիրանի թացանը պոյտին մէջ, թել զարնելիքով խառնել, մինչեւ որ եռալ սկսի, ապա աւելցնել նշան եւ շարունակել խառնել` ստանալու համար սահուն պատրաստութիւն մը` քասթըրտի թանձրութեամբ:
6.- Համտեսել եւ շաքար աւելցնել ըստ պահանջքի:
7.- Լեցնել այս խառնուրդը պաղ քասթըրտին վրայ եւ մէկդի ձգել, որ պաղի, ապա դնել սառնարանը:
8.- Հիւրասիրել պաղ վիճակի մէջ շաքար-ջուրի ընկերակցութեամբ:
ԾԱՆՕԹ. Բալուզան կարելի է նաեւ պատրաստել մանկայի հիւթով կամ նարինջի հիւթով:
Շաբթուան Մտածումը
Մտածումներ Աւ. Իսահակեանէն
Սուրբ է հայրենիքը. նա մեր հացն է, մայրական գիրկը, մեր մանկութիւնն է նա, մեր պապերի գերեզմանը եւ մեր մանուկների զուարթ օրօրոցը: Նա մեր տարեգիրքն է, մեր հին ու նոր քնարը: Նա հայրական տան ծուխն է եւ մեր հրճուանքն ու սիրող սրտերը հող են դարձել այնտեղ:
***
Հայոց լեզուի մէջ մարմնացած է հայ ժողովրդի ոգին: Ամէն մի բառը նրա հոգու մի կտորն է: Այդ բառերի մէջ են նիւթացած, առարկայացած մեր վիշտը, զրկանքները, դառն ու զուարճալի ապրումները, մեր երազները, յոյսերը, իղձերը, սէրը, մեր ողջ ժողովուրդը: Եւ ինչպէ՞ս լքենք հիմա այդ լեզուն, ուրանանք, մոռանանք, մեռցնենք: Նրա համար ծով-արիւն են թափել մեր նախնիները:
***
Այնքա՜ն մեծ է հայութեան վիշտն ու տառապանքը, այնքա՜ն ահռելի է ու անօրինակ… Ոչ մի բանաստեղծ չի կարող արտայայտել այդ վիշտն ու տառապանքը, այլ միայն պիտի զգալ այն հասկանալու համար: Միլիոն ու կէս ժողովուրդ մերկացնել իր հազարամեայ հարստութիւններից, աւերել նրա հնութիւնները, որ նրա հոգու հատորներն են, իր վանքերը, ձեռագրերը, մորթել հարիւր հազարաւոր հայեր, մայրեր, եղբայրներ, քոյրեր, մանուկներ…
***
Դո՛ւ, հայ պաշտելի ժողովուրդ, դասական ազնիւ ժողովուրդ: Դո՛ւ, ադամանդ, ադամանդի պէս ամուր: Փշրուեցին, փոշի դարձան հինաւուրց Ասուր-Բաբելոնը. դու կա՛ս ու կամք ունես յաւերժութեան:
***
Հայաստանը աւեր, ամայի է, բայց նրա հոյակապ աւերակների հետքերից օտար ուղեւորը այն կ՛եզրակացնի, թէ այստեղ ժողովուրդը աստուածային հզօր թեւեր է ունեցել` ճախրելու գաղափարների կատարեալ ոլորտում:
Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
- 0 Comments
- 185 views
- Tweet
Email
Print



