Wednesday Jun 19, 2013

50 Տարի Առաջ ( 4 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Thu Oct 04, 5:31 am

1564 Թերթեր Կը Հրատարակուին Յունաստանի Մէջ

«Ազատ Օր» Կը Գրաւէ
Առաջին
Տեղերէն Մէկը

Անցած կիրակի իր դռները փակեց Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) միջազգային ցուցահանդէսը:

Այս տարուան ցուցահանդէսի «Ազգային գործունէութեան տաղաւար»-ին մէջ մամլոյ նախարարութիւնը ցուցադրած էր նաեւ Յունաստանի մէջ հրատարակուող օրաթերթերը, որոնց կարգին նաեւ` «Ազատ օր»-ը: Միաժամանակ հրապարակ հանած էր «Մամուլը Յունաստանի մէջ» խորագրով պրոշիւր մը, ուր գրած էր 90 օրաթերթերու քլիշէները, որոնց մէջ առաջին տեղերէն մէկը կը գրաւէր «Ազատ Օր»-ը:

Յիշեալ պրոշիւրին տեղեկութեանց համաձայն, 2 օրաթերթ կը հրատարակուի Թրակիոյ մէջ, 11 հատ` Եպիրոսի, 10 հատ` Թեսալիոյ, 1 հատ` ցամաքային Յունաստանի, 31 հատ` Ատտիկէի, 7 հատ` Պելոպոնեզի, 5 հատ` Յոնիական կղզիներուն, 5 հատ` Արշիպեղագոսեան կղզիներուն, 2 հատ` Երկոտասան կղզիներուն եւ 11 հատ` Կրետէի մէջ: (Գումար` ինիսուն):

Նոյն պրոշիւրին համաձայն, օրաթերթերէն զատ, Յունաստանի մէջ կը հրատարակուին ութ հարիւր վաթսունութ ոչ օրաթերթեր` շաբաթաթերթ, երկօրեայ, եռօրեայ եւ այլն, որոնցմէ 528 Ատտիկէի մէջ, 83-ը` Մակեդոնիոյ, 61-ը` Պելոպոնեզի, 39-ը ցամաքային Յունաստանի եւ այլն:

Նմանապէս լոյս կը տեսնեն վեց հարիւր վեց պարբերականներ, որոնցմէ 525-ը Ատտիկէի մէջ: 21-ը` Մակեդոնիոյ, 15-ը` Պելոպոնեզի եւ այլն:

Յունական առաջին օրաթերթը լոյս տեսած է Վիեննայի մէջ 1790-ին:

Ներկայիս Յունաստանի մէջ հրատարակուող օրաթերթերուն, ոչ օրաթերթերուն եւ պարբերականներուն ընդհանուր թիւն է հազար հինգ հարիւր վաթսունչորս (1564): Յունաստանի 90 օրաթերթերուն տարեկան սպառումն է 132 միլիոն 169 հազար 484:

 

Հայ Կեանք

Բացառիկ Նուէր Մը
Անթիլիասի
Մայր Տաճարին

Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» հաւաստի աղբիւրներէ կը տեղեկանայ, որ Լոս Անճելըսի ծանօթ ազգայիններէն Խոսրով Մեղրիկեան, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կոչին` հինգ հազար տոլարի միանուագ գումար մը յանձնած է Սմբատ վրդ. Լափաճեանին` ուղարկելու համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին:

Սոյն գումարը պիտի յատկացուի Անթիլիասի մայր տաճարի գմբէթին լրիւ նորոգութեան` համաձայն կանխօրօք ներկայացուած մասնագէտ ճարտարապետի մը նախագծին:

Շաւարշ Նարդունի
Գործողութեան
Ենթարկուած

Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի մէջ (30 սեպտեմբեր) կը կարդանք.-

Կը տեղեկանանք, որ մեր աշխատակիցը` Շաւարշ Նարդունի, որ քանի մը օրէ ի վեր Պոսթըն եկած էր, անցեալ երկուշաբթիէն ի վեր հիւանդանոց մտած է, «Նիւ Ինկլընտ Պեպթիստ հասփիթըլ», թեթեւ գործողութեան մը համար:

Ուրախութեամբ կը հաղորդուի մեզի, թէ գործողութիւնը կատարուած է ուրբաթ, կէսօրէ ետք, 28 սեպտեմբերին, յաջողութեամբ: Արագ ապաքինում կը մաղթենք մեր սիրելի աշխատակիցին:

Երկու Հայ Ուսանողներ Կը Մասնակցին
Արաբ
Ուսանողներու Համագումարին

Ամերիկայի Միշիկըն սթէյթ համալսարանին մէջ անցած օգոստոս 27-ին սկսած է արաբ ուսանողներու 11-րդ համագումարը, որ տեւած է մինչեւ 1 սեպտեմբեր:

Մօտ 500 արաբ ուսանողներ ներկայ գտնուած են համագումարին: Երկու հայ ուսանողներ, մէկը Սուրիայէն եւ միւսը` Յորդանանէն, մասնակցած են ժողովին:

Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը`
Լուծուած

Երեւանի թերթերը պաշտօնապէս կը հաղորդեն, թէ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը սեպտեմբեր 8-ի հրամանագրով կը լուծէ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ անոր փոխարէն կը հաստատէ հասարակական կարգի պաշտպանութեան նախարարութիւն մը: Նոր նախարար նշանակուած է Սերգէյ Արզումանեան:

Երաժշտական Կեանք

Յաջորդաբար Հայաստան այցելած եւ նուագահանդէսներ տուած են` ամերիկահայ ծանօթ դաշնակահարուհի Լուսի Իշխանեան, թաւջութակահար Լեզլի Փառնաս եւ ջութակահար Պայրըն Ճանիս:

 

Leave a Reply

Advertisement