Վարչապետը Ապատիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Համաձայնագիրներուն Գործադրութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները
By adminx - Wed Oct 03, 7:32 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 82 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մէջ նախատեսուած պիտի ըլլայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները ապահովական կառոյցներուն փոխանցելու թղթածրարին քննարկումը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները եւ ընդգծած լիբանանեան-իրանեան գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու կարեւորութիւնը:
Ապատի նշեց, որ իրենք հիմնականին մէջ քննարկած են երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը խոչընդոտող արգելքները` ընդգծելով, որ իրենք համաձայնութիւն գոյացուցին ամէնէն մօտիկ ապագային չէզոքացնելու այդ խոչընդոտները:
Ապատի յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի լիբանանցի գործատէրերու պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով պիտի մեկնի Թեհրան` ամրապնդելու համար երկկողմանի գործակցութիւնը: Ան աւելցուց նաեւ, որ այս ամսուան ընթացքին Իրան պիտի այցելեն նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարը եւ նախարարութեան տնօրէնները, որոնք պիտի սերտեն երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութիւնը բարելաւելու մեթոտները:
Վարչապետին այցելեց նաեւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Տայա, որ շեշտեց, թէ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքան իրաւունքի եւ արդարութեան սենտիքան է:
Տայա աւելցուց, որ Լիբանան իրաւունք ունի անկախութիւն, գերիշխանութիւն եւ կեանք ունենալու` բարձր գնահատելով արաբ ղեկավարներու հետ իր ունեցած հանդիպումները:
Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է ելեւմտական հաւասարակշռութեան եւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն յաւելումները ֆինանսաւորելու իր պատասխանատուութեան: Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի հրաւիրէ տնտեսական երկխօսութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ վարչապետարանին մէջ:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print




