«Անկարելի Է Լիբանանը Դարձեալ Վերածել Այլոց Պատերազմի Դաշտին» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի
By adminx - Wed Oct 03, 7:30 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի աւարտեց Բրիտանիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան բրիտանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ զինուորականներու հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան ու բրիտանական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժի Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բրիտանական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Տէյվիտ Ռիչըրտզի եւ այլ զինուորականներու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ լիբանանեան բանակին կատարուած բրիտանական օժանդակութիւնները բարելաւելու:
Բրիտանիոյ լիբանանեան դեսպանատան մէջ դեսպան Ինաամ Օսէյրան ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ զօր. Քահուաժիի, որ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Լիբանանցիներուն կողմէ բանակին ցուցաբերուած զօրակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել Լիբանանի անվտանգութիւնը, յատկապէս այս զգայուն հանգրուանին»: Ան շեշտեց, որ բանակը միշտ պատրաստ է դիմադրելու Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ վճռակամ է Լիբանանը դարձեալ չվերածելու այլոց պատերազմի դաշտին:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



