Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Ընդդիմութիւնը` Յաղթական, Սահակաշվիլի Ընդունեց Իր Պարտութիւնը
By adminx - Wed Oct 03, 7:23 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին ընդունեց, որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն պարտութեան մատնուած է:
Ան ըսաւ, որ իր գլխաւոր մրցակիցին` միլիառատէր Պիծինա Իվանիշվիլիի ղեկավարած Վրացական երազ պլոքը երկուշաբթի օրուան ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է: Վերջինիս արձանագրած յաղթանակը կը նշանակէ, որ Վրաստանի յետխորհրդային ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իշխանութեան ժողովրդավար փոխանցում տեղի ունեցաւ:
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, ընդդիմութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի եւ 150 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ապահոված է 77 աթոռ:
ԵԱՀԿ-ի դէտերը յայտարարեցին, որ «հակառակ մեծապէս բեւեռացնող ընտրապայքարին, վրացի ժողովուրդը իր կամքը ազատօրէն արտայայտեց», իսկ Վրաստանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտնեց, որ քուէարկութեան ընթացքին լուրջ խախտումներ չեն արձանագրուած:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print




