Վատիկան Պապին Մառանապետին Ոստիկանութեան Կողմէ Վատ Վերաբերմունքի Արժանանալուն Շուրջ Հետաքննութիւն Կը Հրամայէ
By adminx - Wed Oct 03, 7:22 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
Պենետիկտոս ԺԶ. պապին նախկին մառանապետը յայտնած է, որ ան իր ձերբակալման առաջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին փոքր սենեակի մը մէջ մնացած է եւ լուսարձակը միշտ դէմքին: Այդ խօսքերէն ետք, Վատիկանէն դատաւոր մը երեքշաբթի օր հրամայեց վատիկանեան ոստիկանութեան շուրջ հետաքննութիւն կատարել:
Դատաւորը այդ հետաքննութիւնը բացաւ, երբ գողութեան ծանր յանցանքով ամբաստանուած մառանապետ Փաոլօ Կապրիելէ եւ անոր փաստաբանը դատավարութեան երկրորդ օրուան ընթացքին նման պնդումներ կատարեցին:
Կապրիելէ, որ Վատիկանի մէջ փտածութեան վերաբերող պապական փաստաթուղթեր գողնալէ ետք զանոնք լրատուամիջոցներուն փոխանցած էր, յայտնեց, որ ինք ուղղակի գործակիցներ չէ ունեցած, այլ` ուրիշներէ եւ Վատիկանի մէջ համատարած անհանգիստ մթնոլորտէն ազդուած էր:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print




