Միջազգային Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed Oct 03, 7:21 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիա համաձայն գտնուած է Եգիպտոսին տրամադրելու մէկ միլիառ տոլարի փոխատուութիւն մը նուազ քան 0.6 առ հարիւրի տոկոսով, հինգ տարուան ժամկէտով, որուն առաջին երեք տարին վճարում կատարելէ ազատ ըլլալու թոյլտուութեամբ է: Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա համաձայն գտնուած է ենթակառոյցներու կառուցման ծրագիրներու ֆինանսաւորման համար Եգիպտոսին յաւելեալ մէկ միլիառ տոլար տրամադրելու:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ՄԱԿ-ին, ամերիկեան վարչակազմին եւ միջազգային քառեակին իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կեանքի վտանգուած ըլլալուն առնչութեամբ լուրջ մտավախութիւններ փոխանցած է եւ զանոնք տեղեակ պահած, որ որեւէ հաւանական դիպաշարի պատասխանատուն իսրայէլեան կառավարութիւնը պիտի ըլլայ: Ապահովական աղբիւրներ օրաթերթին նշած են, որ Ապպասը փոխարինող մը գտնելու իսրայէլեան եւ ամերիկեան մտադրութիւններուն նկատմամբ լուրջ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի, ուստի անոր կեանքին վրայ եւս մտավախութիւններ գոյութիւն ունին:
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ մէջ Ֆրանչիսքեան միաբանութեան պատկանող եւ Սիոն լերան վրայ գտնուող վանքի մը մուտքի դրան վրայ Քրիստոսը վարկաբեկող եբրայերէն գրութիւններ գրուած են: Անցեալ ամիս եւս անծանօթներ, որոնք կը կարծուին հրեաներ ըլլալ, Երուսաղէմի արեւմուտքը գտնուող Լաթրուն շրջանին մէջ վանքի մը դուռը հրկիզած էին եւ վանքի պատերուն վրայ քրիստոնէութիւնը վարկաբեկող գրութիւններ գրած:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



