Ըստ Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մուրսիի Արտասանած Ճառը Շրջանին Մէջ Եգիպտոսի Յառաջատար Դերակատարութեան Ուժեղ Վերադարձի Ցուցանիշն Է
By adminx - Wed Oct 03, 7:20 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Շարք մը արաբ արտաքին գործոց նախարարներ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ զրոյցներու ընթացքին համամիտ գտնուեցան, որ Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու 138-րդ նիստի բացումին ընթացքին Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի արտասանած ճառը շրջանին մէջ Եգիպտոսի յառաջատար դերակատարութեան ուժեղ վերադարձի ցուցանիշն է:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ Մուրսիի ճառը իր կեանքին ընթացքին արաբ ղեկավարի մը կողմէ իր լսած ամէնէն կարեւոր ճառն է` նշելով, որ «անիկա արաբական հարցերու, շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, արաբական ազգային ապահովութեան, դրացի երկիրներուն հետ արաբական պետութեանց յարաբերութեանց վերաբերեալ եգիպտական կեցուածքը մարմնաւորեց ամենայն ուժգնութեամբ եւ խորութեամբ»:
Սուտանի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Քըրթի իր կարգին նշեց, որ Մուրսիի ճառը արաբական աշխարհի ղեկավարութեան Եգիպտոսի ուժեղ վերադարձը կազմեց, բան մը, որ անցեալ տարիներուն ընթացքին ինք սպասած է` նշելով, որ երբ Եգիպտոս արաբական աշխարհին մէջ իր դերակատարութենէն նահանջեց, արաբական աշխարհը նահանջեց եւ արաբական հարցերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազեցաւ:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի ըսաւ, որ «Մուրսիի ճառը արաբական աշխարհի պատմութեան ներկայ հանգրուանին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ եւ նոր Եգիպտոսի ու յեղափոխութեան Եգիպտոսի կեցուածքները կը մարմնաւորէ»:
Մարոքի արտաքին գործոց նախարար Սաատէտտին Օսմանի նշեց, որ «նախագահ Մուրսիի ճառին մէջ ամէնէն կարեւորը շրջանին մէջ Եգիպտոսի առանցքային դերակատարութեան ուժեղ վերադարձին աւետումն է»:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



