Սլաք. Այո՛, Օժանդակել, Բայց Ինչպէ՞ս
By adminx - Wed Oct 03, 5:44 am
- 0 Comments
- 100 views
- Tweet
Email
Print
Կ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Սուրիական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի սուրիահայութեան օժանդակելու անհրաժեշտութեան մասին: Գրեթէ բոլոր բեմերէն, մամուլով, Դիմատետրով եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ այս նիւթը դարձած է հրատապ:
Հոգեւոր կեդրոններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, ազգային պատկան մարմիններ եւ հայրենի պետութիւնը կը խօսին եւ կոչ կ՛ուղղեն օժանդակելու սուրիահայութեան: Մինչեւ հոս` շա՛տ լաւ. բայց ո՛չ մէկը ներկայացուց օժանդակելու եղանակի կամ ձեւի մասին պատկերացում մը, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ օժանդակութեան ձեռք երկարել: Օժանդակելու կոչերը մնացին խօսքի սահմաններուն մէջ, լաւագոյն պարագային բարոյական նեցուկի տարազին մէջ մնացին, ինչ որ «փոր չի կշտացներ»:
Հայ հասարակութիւնը պատրաստ է օժանդակելու եւ հարց կու տայ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի տրամադրէ իր աջակցութիւնը, տակաւին կայ այլ հարց մը, թէ օժանդակութիւնները ինչպէ՞ս եւ ո՞ր չափով տեղ պիտի հասնին:
Այս գծով, խօսքէն գործնականի անցնելու լաւագոյն ձեւը կ՛ըլլայ այն, որ կազմուի սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմին մը, որ պէտք է գործէ յստակ մշակուած մեքանիզմով, որպէսզի իսկապէս օժանդակել կարելի ըլլայ եւ անիկա իր արդիւնքը ունենայ:
Այո՛, օժանդակել, բայց ինչպէ՞ս:
***
Նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ նկատի ունենալով Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքը եւ հոն գոյութիւն ունեցող ուխտատեղիները, ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնել, որպէսզի հայութիւնը մնայ հոն եւ չհասնի այն օրը, երբ Քեսապը, Տէր Զօրը կամ Հալէպը վերածուին վայրերու, ուր ժողովուրդը քանի մը տարին անգամ մը ուխտի կ՛երթայ, ինչպէս ներկայիս պարագան է Արեւմտահայաստանի:
- 0 Comments
- 100 views
- Tweet
Email
Print



