Saturday May 25, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Wed Oct 03, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք ապրիլ ըստ ձեր շահածին եւ կարողութեան` առանց զրկուած ըլլալու զգացողութեան: Ամէն ինչ բնական պիտի ընթանայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատեր հարցի մը շուրջ պիտի դիմեն ձեր կարծիքին: Անոնք պիտի հետեւին ձեզի, հետեւաբար լաւ մտածեցէք: Ձեր պատասխանները կարեւոր են:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լսեցէք ձեր մարմնին պահանջները, մի՛ ծանրաբեռնէք զայն աւելորդ յոգնութեամբ: Ժամանակ տրամադրեցէք հանգիստի եւ քունի: Խոհեմ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի վերագտնէք ձեր շրջանակը` ապաւինելով եւ ուրախանալով: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, օրը պիտի ըլլայ յաջող ամէն տեսակէտով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ուսերուն ծանր բեռ վերցուցած էք: Ասիկա չի կրնար աւելի գործ տեսնել, կը յոգնեցնէ եւ կը դանդաղեցնէ: Այս պարագային համար կայ ժողովրդային իմաստուն խօսք մը. «Քիչ բարձիր- շուտ դարձիր»:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութեան հարց մը կրնաք ունենալ: Հետեւեցէք օրուան փոփոխութիւններուն: Նորութիւններ հաւանական են, պատրաստ եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւատես եղէք, ձեր ջանքերը պիտի արդիւնաւորուին եւ վարձատրուին: Փոքր դժուարութիւններու դիմաց մի տկարանաք, ամէն ինչ լաւ է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բաւարար ժամանակ չունիք ձեր որոշած աշխատանքները աւարտելու: Մի մտահոգուիք, վաղը ամէն հարց կը կարգադրուի: Օրը լաւ է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քիչ կը քնանաք, նկատի առէք այս անպատեհութիւնը եւ ջանք ըրէք ճիշդ ժամերուն անկողին մտնելու` լաւ քնանալու համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանքը կարեւոր է ձեր մարմնին առողջութեան համար: Որքան որ կրնաք, բարելաւեցէք ձեր մարմնին բարեձեւութիւնը` մարզանքով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարդիկ ձեզ կը մեղադրեն, որ կը գործակցիք կամ կը յարաբերիք ձեզմէ տկար անձերու հետ: Այս իրողութիւնը նկատի առէք, կարեւոր է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առաջնահերթ աշխատանքը պիտի ըլլայ զբաղիլ մանուկ կամ պարման աշակերտներու, երեխաներու հետ: Մօտէն հետաքրքրուեցէք անոնց ուսման եւ ընկերային կեանքով: Օգնեցէք անոնց դաստիարակման, կրթութեան:

Leave a Reply

Advertisement